Jump to content

Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/101

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

րաւի կերպարանքով մարդ էք, այլ բարքով մարդագել էք, դուք չէք տեսնար այն մեր դրուցի մարդագելեր, որոնք խումբով կը յարձակին եւ ձեր ոչխարի հօտեր պըռ անելով կը տանեն, ձեր եւ ձեր շներու քաջութիւն միայն խեղճ գայլերու վերայ կր փորձէք, որոնք շատ սակաւապէտ եւ ձեզմէ աւելի խղճմտանք ունին։

Գայլու այս գանգատն ու դատաստան շատ իրաւացի է , սիրելի գիւղեցիք» գայլերն էլ պիտի ապրեն աշխարհիս վերայ, դուք կուզէք նոցա սերունդ հատցունել, պէտք է գիտնաք որ գայլեր ձեզ համար շատ օգտակար են, եթէ գայլերուն ահ չը լինի, դուք երբէք ձեր ոչխարներ չէք պաշտպաննր։

Հայրիկին առակ եւ այս խօսքեր բաւական դպաւ դեղացւոց սրտին։ Երիտասարդներ ասին, Հայրիկ, ինչպէս կերեւայ՝ դուք շատ կը գթաք այս կապուած գայլուն վերայ. մեք քո խաթեր համար կարձակենք ազատ կը թողանք, մեր բախշիշ տուր: Առին զբախշիշ, խաբեցին զՀայրիկ, խեղճ կապուած գայլն տարին գեղէն դուրս, շներ թող տուին վերան խեղդեցին, գայլու փոստիկ հանին։ Շատ լաւ արին գիւղացիք, Հայրիկ ելեր է ներողութեան ճառ կը կարդայ գեղի ոչխար ուտող գայլուն։

Այս պատմութիւն արի քեզ, Թոռնիկ, բայց դու զգոյշ կաց, ճիշդ խրատ առնելու օրինակ չէ. միայն պատմեցի քեզ, որ լաւ հասկընաս թէ գթասիրութիւն որչա՞փ կը տիրէ մարդոյն սրտին վերայ, որ պատառող գազան անգամ խնայել կուզէ։

Հապա մեր ընտանի աշխատաւոր անասուններ ո՞րչափ արմանի են մեր գթասիրութեան։ Խստասիրտ եւ անողորմ են այն երկրագործներ, որ անասուններ չարչարելով տանջելով հաց կը վաստկին. սորա համար է որ այնպիսիներ կուշտ հաց չեն ուտեր, միթէ՞ անասնոց աղաղակն ու հեծեծանք չի՞ հասներ երկինք, դու մի կարծեր թէ անասուններ իբրեւ ոչինչ եւ չքոտի գումարուած են Աստուծոյ առաջ։ Դու չե՞ս կարդացեր Յովնան մարգարէի գիրք. Տէր Աստուած ամբարիշտ Նինուէացւոց խնայած ժամանակ անասնոց էլ խնայեց հաւասար այնչափ տղայոց, որ չգիտէին աջն ու ձախն։

Խիստ կը գորովիմ Թոռնիկ, գութս կը շարժի, երբ կը տեսնամ, որ մեր գիւղական մշակ ժողովուրդ շատ անխիղճ եւ անխնայ կը վարուի իւր ընտանի լծկան անասնոց հետ, միշտ խարազանակոծ կը տանջէ, այնպէս որ անմռունչ անասնոց քամակներու վերայ հարուածոց գծեր շերտ-շերտ կերեւան։ Եթէ