Բաղամու խօսուն իշու պէս Աստուած հրաշքով բանար անասնոց լեզուն, ի՞նչ աղաղակ ու գանգատ պիտի բառնալին մարդոց անգթութեան համար։ Այլ միթէ նորա անմռունչ հեծութիւն ու բառաչն մի աղաղակ չէ՞։ Հնձող մշակին զրկանաց բողոքն կը հասնի երկինք, մշակին աշխատակից զրկեալ հարուածեալ անասնոց բողոք երկինք չի՞ հասներ։
Երբեմն կը տեսնամ, խեղճ անասուն ուժաթափ լինելով լուծն ի վզին այնպէս ակօսին մէջ կը թաւալի, տես դու էն ժամանակ որչա՞փ խարազան պիտի ուտէ, հարուածին չը տոկալով՝ ճարահատ կը կանգնի, քիչ մի տեղ կերթայ եւ դարձեալ կը թաւալի։ Անգութ հերկագործ չի մտածեր՝ պահ մի թողում այդ խեղճ անասուն, թող երթայ արածայ հանգստանալ եւ ապա բերեմ լծեմ։ Անգութ մարդիկ էլ կան, որ խարազանի կամ դալար ճիպոտի տեղ, չոր փայտ կը գործածեն. էն ժամանակ ոչ միայն կաշին ու միս, այլ եւ ոսկորներ անգամ կը ջախջախուին Այն լեզու անասնոց։
Ձիապան կամ իշապան մարդիկ եւս շատ չարաչար կը վարուին այդ բեռնատար անասնոց հետ, երբեմն ծանր բեռներ կը բառնան իրենց ուժէն վեր։ Եթէ պատահի որ խեղճ անասուն բեռան տակ ճարահատ լինելով նստի, կամ դիպուածով իյնայ, ի՞նչ կանեն, գիտե՞ս. անգթաբար կը ծեծեն բեռան տակ, որ ծանրութեան տակ ճնշուած անասուն ինքնին կանգնի, այս պատճառաւ թշուառ անասուն կը վտանգուի կամ մէջքէն եւ կամ ոտքէն։
Կը տեսնա՞ս, Թոռնիկ, թէ մարդոց անգթութիւն որչա՞փ կը ծանրանայ խեղճ անասնոց վերայ, պաշտպան ու փաստաբան չունի, միայն խիղճ ու գթասիրութիւն է անասնոց պաշտպան, այդ եւս շատ հազուագիւտ է մարդոց սրտին մէջ։
Հայրս կը պատմէր ինձ, Թոռնիկ, թէ ժամանակաւ մի կառավարիչ եղեր է ի Վան. էդ մարդ բնականապէս մեծ գթասիրութիւն ունէր անասնոց վերայ. եթէ տեսնար մի մարդ որ չարաչար կը վարուէր անասնոց հետ՝ իսկոյն կը պատժէր զայն եւ յանցանքին համեմատ զուարճալի պատիժներ կուտար։
Մի օր քաղաքէն ելնելով դէպի Արտամետու աւան կերթայ, կը տեսնայ որ երկու ձիապաններ մի աղբիւրի գլուխ հանգիստ նստած հաց կուտեն, իրենց ձիեր էնպէս բեռան տակ կեցած են, իսկոյն հրաման կանէ որ ձիերուն բեռներ վար իջեցնեն,