էդ բեռներն էլ գարի են եղեր, ձիերու տոպրակներ բաւականին լեցնելով, կախել կուտայ ձիերու գլխէն, էդ բեռներն էլ մէկ-մէկ թակ մարդոց կռնակ կը դնէ եւ կասէ մինչեւ ձիեր իրենց գարին ուտեն, դուք էլ պէտք է ոտքի վերայ կենաք էդպէս։
Մի օր եւս քաղաքի դռնէն դուրս ելած ժամանակ, կը տեսնայ որ երկու մարդիկ մէկ ձիու վերայ նստած դէպ Այգեստան կերթան, այս բան կառավարչի աչքին շատ արտառոց կերեւայ, հրաման կանէ որ երկուքէն մէկն ձիէն վար իջնայ եւ իսկոյն կը ղրկէ բանտ. միւսին կասէ դու ծեր ես, քեզ խնայեցի, գնա լուր տուր ընկերիդ համար թէ բանտ տարին եւ տասն օր իւր պատիժ պիտի կրէ։
Մի օր դարձեալ քաղաքէն դուրս շրջած ժամանակ կը տեսնայ մի մարդ մի տոպրակ թելին վերայ ձգած՝ կերթայ, բայց շատ կը զարմանայ, երբ այդ տոպրակէն կատուներու ձայներ կը լսէ, մօտենալով կը հարցնէ ի՞նչ կայ այդ տոպրակին մէջ, մարդն կը շուարի ժխտել, որովհետեւ կատուներու ձայներ կը լսուին. Աղա, կասէ, գող կատուներ են, պիտի տանեմ ձգեմ քաղաք։ Ա՜յ անպիտան մարդ, կասէ կառավարիչ, ես գողեր քաղաքէն դուրս կը հալածեմ, դու կատուներ քաղաք կը տանես: Հրաման կանէ խեղճ կատուներ տոպրակէն դուրս կը հանեն եւ այդ տոպրակ անցանել կուտայ մարդուն գլուխ, մի ոստիկան ձեռքէն բռնելով դէպ ի բանտ կառաջնորդէ. էս խայտառակութիւն կը տեսնան անցնող դարձող մարզիկներ. միայն թէ գլխուն տոպրակի շնորհիւ չեն կարող ճանչնալ։ Իսկ ազատուած կատուներ ուղղակի դէպ ի տուն կը դառնան, լուր կը տանին տնեցւոց, թէ իրենց տէր բանտ տարին։
Բայց դու հարցո՜ւր, Թոռնիկ, թէ այդ գթասէր մարդ միայն չարչարուած անասնոց վերայ գութ ունէր եւ այդպէս անաչառ դատաստան կը տեսնար, չէ՞ նոյն գութ եւ անխտիր դատաստան զրկեալ մարդոց համար էլ ի գործ կը դնէր։
Այո՜, Թոռնիկ. երբ մարդ անասնոց վերայ գութ ունենայ, շատ բնական է, որ իւր համացեղ ընկերին վերայ աւելի եւս կզգայ եւ գթասիրութիւն կը շարժի։ Այլ ով գիտէ, աշխարհ է, գուցե կան այնպիսի մարդիկ էլ, որ արտաքուստ բարեսիրտ ձեւանալով, կատուի դատաստն կը տեսնան, որպէս զի ցոյց տան թէ արդարասէր են, իսկ բողոքող զրկեալ մարդու դատաս¬