Jump to content

Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/105

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

խնդիր կը լինի, երբ մեք անգթութեամբ վարուինք անխօսուն կենդանեաց հետ։

Այս պատմութիւն թող խրատ լինի քեզ, Թոռնիկ, երբէք մտքէդ մի հաներ, եւ միշտ յիշէ Սուրբ Եփրեմի պատմութիւն եւ հալածեալ կովու դատաստան. գիանալով եւ հաւատալով թէ Արդար Աստուած հաւասարապէս դատաւոր է ինչպէս մարդոյն՝ նոյնպէս եւ զրկեալ անասնոց։


ժէ.

ՄՇԱԿՈԻԹԻՒՆ ԾԱՌԱՏՆԿՈՑ

Սիրելի Թոռնիկ, եթէ աստի հազար-հազար տարիներ առաջ ծնած լինէինք, պիտի տեսնայինք այս մեր բնակած երկրագունդ բովանդակ անտառներով զարդարուած։ Եւ ով էր տնկեր, Արարիչ Աստուած, որ ասաց եւ եղեւ, ոչ միայն ծառեր, այլ եւ ամենազան բոյսեր ինքնին երկրի ծոցէն վեր բուսան։ Տես այն մթնագոյն լեռներ եւ այս ընդարձակ դաշտեր, հովիտներ, յորեր, գուցէ ժամանակով խիտ անտառներով լցուած էին։

Կը թուի թէ հին նախադարու մարդիկ, որ միայն վայրենի որսորդութեամբ կապրէին, գուցէ մոռցած էին մեր Նախահօր մշակութեան արուեստ, որուն ասաց Տէր Աստուած գործել զերկիր ու պահել։ Էն ժամ անակուան վայրենի մարդիկ որ վաղուան համար հոգալ չգիտէին, սկսեցին անխնայ կերպով ջարդել, վառել անտառները։ Բայց նախապէս հոգացող Աստուած այս մեր երկրագնդին շատ տեղեր երկրաշարժով վեր ի վար շրջեց, անթիւ անհամար անտառներ գետնի խորութեան տակ պահեց ինչպէս մի անսպառ գանձ՝ մարդոց ապագայ սերունդին համար։ Ներկայ խելացի սերունդ երկրագունդ քրքրելով եւ երկրին խոր ծոցեր բանալով՝ գանձը գտաւ, եւ ի՞նչ է այդ գանձը. գիտե՞ս, Թոռնիկ, ոչ ոսկի է եւ ոչ արծաթ, այլ սեւացեալ քարածուխ, որ ոսկիէն աւելի պատուական եւ շահեկան է։ Վասն զի աշխարհիս յառաջդիմութեան մեքենաներ շոգիի զօրութեամբ կը