Jump to content

Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/106

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

գործեն, եւ շոգին ջրէն կը գոյանայ վառուած քար ածուխի բորբոքող կրակէն։

Այսպէս երբ տեսան մարդիկ, որ Աստուծոյ տնկած հնադարեան անտառներ հետզհետէ կսպառին, այնուհետեւ սկսեցին ամենայն աշխատութեամբ ձեռատունկ անտառներ հասցունել եւ այսօր արեւմտեան Եւրոպիոյ աշխարհ մշակուած անտառներով լցուած է, որ լիովին փայտ կը մատակարարէ՝ թէ շինուածոց համար, թէ այնչափ անհամար փայտաշէն նաւերու համար, եւ թէ շոգեկառքերու հարթուած ճամբաներու պատրաստութեան համար։

Իսկ մեր արեւելեան աշխարհ անտառներու հարստութենէն շատ աղքատ է. եթէ կան այժմ սակաւ ինչ բնական անտառներ, այն եւս անկանոն եւ անխնայ կտրուելով սպառելու վրայ են։ Ուստի պէտք է աշխատինք մեր հողագործութեան հետ նաեւ ծառատունկ անտառներ հասցունել։ Եւ գիտե՞ս թէ որչա՞փ ընդարձակ սահմաններ ունի գիւղական ժողովուրդ անտառի մշակութեան համար՝ թէ դաշտագետին եւ թէ փխրահող բլուրներ։ Երկրա գործին համար փայտին պիտանութիւն այնչափ կարեւոր է, որչափ հաց իւր կեանք պահելու համար։ Եթէ անշուք խրճիթ մի շինէ, որպէս զի իւր ընտանիք ծուարին նորա մէջ փայտ պէտք է. հապա այն մեծ նահապետական ընտանիք, որոց թիւ կը հասնի մինչեւ քառասուն եւ յիսուն, որչա՞փ ընդարձակ շէնքերու պէտք կունենայ։ Թողունք մեր տուներու շինութիւն, որոց համար բարտի, կաղամախի եւ ոտի փայտեր պէտք են։ Իսկ մեր մշակական աշխատութեան համար ուրիշ այլ եւ այլ տեսակ ամուր փայտեր պէտք են։ Հացի փայտ պէտք է գութանի կոր էշին եւ սաատամի համար. թեղի փայտ պէտք է սայլերու մածան կազմելու եւ սռնակի համար, թողունք այլ եւ այլ փոքր գործիքներ, որք առհասարակ պինդ փայտերէ կը շինուին։ Եւ ինչպէս գրեցի յառաջ, երկրագործ գիւղացին այս տեսակ փայտեր ձեռք բերելու համար որչա՞փ պարապ ժամանակ կանցունէ, մինչեւ հեռաւոր տեղեր երթալով գտնէ, բերէ, շինէ եւ գործի սկսի։

Թողունք այս ամէն, Թոռնիկ, դու կը տեսնաս թէ ծառատունկ ունեցող գիւղեր որչա՞փ գեղեցիկ եւ զուարճալի են, եւ միանգամայն գիւղին տեսարանին մեծ շուք կուտան։ Դու գնացեր ե՞ս Արտամետու այն ճոխագոյն ծառաստան եւ մրգաստան, ուր թո՞ղ անտառային անպտուղ ծառեր, որչա՞փ զանազան պըտ-