ղատու մրգաբեր ծառեր կան՝ թէ խնձոր, թէ տանձ եւ թէ այլ բազմատեսակ անուշահամ պտուղներ, որոց մէջ ամենէն աղնուագոյն կը համարուի համով, հոտով եւ գունով չնաշխարհիկ կարմիր խնձոր, եւ այնչափ առատ, որ բովանդակ Վասպուրական երկրին բաւական կը լինի։
Գիւղի համար ծառատունկ ուրիշ օգտակարութիւն եւ հաճոյական քաղցրութիւններ ունի։ Յամարան արեւու տօթագին հովանին տարածելով, իսկ ի ձմերան հիւսիսի սաստկաշունչ քամիէն կը պատսպարէ։ Հապա որչա՞փ քաղցր կը լինի գիւղական ընտանեաց համար, որք պարապոյ ժամեր՝ իրենց մանկիկներով ծառերու շուքերուն տակ նստելով՝ ձեռագործներով աշխատին եւ զբօսնուն։ Սոխակն ու սարեակ ծառաստանէն երգեն, մանկիկներ վար էն խաղալով ճլվլան, եւ երբ գառնուկներն եւս կայտռին ու մային, վա՜շ, քանի՞ անուշակ ձայնակիցներ ներդաշնակութիւն կը կազմեն գիւղական պարզ կեանքում:
Ծառաստանք ոչ միայն՝ մարդոց համար իբրեւ վայելք եւ օգուտ են կեանքի պիտոյքներու մասին, այլ եւ շատ կարեւոր են անասնոց համար, վասն զի ծառերու տակ միշտ թարմ կանաչներ կը բուսնին, ուր միայն պէտք է արածեն, նորածին կովերու հորթեր եւ մատակի ձագեր եւ ամարան տօթաժամուն այդ մատաղածին անասնիկներ հովասուն ծառերուն տակ կը հանգչին կանաչներու վերայ։
Բայց, Թոռնիկ, բաւական չէ որ ծառաստանք միայն գիւղի շրջապատներ զարդարեն, երանի թէ մեր դաշտեր անդաստաններն եւս ծառատունկերով զարդարուին, ուր որ ջրի գնացքներ կան եւ աղբիւրներ կը բղխին, о՜շ, քանի դիւր եւ հանգստաւէտ կը լինեն թէ աշխատաւոր մշակներուն եւ թէ լծատար խոնջած անասուններուն, որ այն ինչ կէսաւուր տօթաժամուն լծերէն կը քակուին, իսկոյն այդ հովանուտ ծառերուն տակ կսկսին արածել եւ յետոյ կը նստին եւ կորոճան, իսկ ջրասէր գոմշուկներ, որ անչափ տաքութեան չեն դիմանար, լծէն արձակուելուն պէս դէպ ի ջուր կը վազեն, եւ թէ ջուրն առատ է՝ մէջ կը նստին, հօտաղ լաւ մի կը լուանայ եւ ապա կը բերէ արօտատեղ։ Այդ պահուն խոնջած մշակներ կը նստին աղբիւրի գլուխ ծառի հովի տակ, եւ կսկսին հարցնել իրարու, արդեօք էս օր տանտիկին ի՞նչ է եփեր մեզ համար. դու գիտես մեր