գրին ու անդրին մէջ. երբ կեանքի ընթացք եւ տնտեսութիւն նոյն կը մնայ։ Պատասխանեմ քեզ։ Թոռնիկ, նախ պէտք է գիտնաս, որ ամէն գրել-կարդալ գիտցող, տնտեսագէտ չի լինիր, երկրորդ քաղարացւոց նոր սերունդ թէեւ արդի դպրոցներում անկատար ուսումն ընդունած է. այդ երբէք բաւական չէ մեր կեանքի բարւոք տնտեսութեան համար, վասն զի այդ կիսակատար հարեւանցի ուսումով մեք կարող չեմք մեր միտքը այնպէս մշակել, որ հին արմատացած նախապաշարումներ ի բաց խլուին: Տակաւին ինչպէս գիւղացին նոյնպէս եւ քաղաքացին պիտի բնակին մրջոտած տուներու մէջ եւ պիտի ասեն մեր հայրեր, մեր պապեր այս տուներու մէջ բնակած են, մեք էլ կը բնակիմք, նոցա համար փոյթ չէ թէ ընտանիք կը տառապին մուխին եւ ծուխին մէջ եւ մերթ եւս աչքերնին ափախաւար կը լինի։
Ես երբ կասեմ թէ քաղքցիթ զարգացած են, դու այնպէս մի հասկընար թէ իրօք եւ տիրապես զարգացած եւ լուսաւորուած են, դոցա մտաւորական լոյս եթէ ամփոփես մի աղօտ ճրագի չափ լոյս չունի, միայն թէ գիւղական անգիր ժողովուրդին հետ համեմատելով փոքր ինչ առաւելութիւն ունին։
Թոռնիկ, թէ քաղաքացւոց եւ թէ գիւղացւոց մտաւորական աչք դեռ բժժոտած եւ մթարքով ծածկուած է, մեք աշխարհին բաներ ճիչդ եւ ուղիղ չենք տեսնար, Յիսուսի կուրին պէս մեք էլ շրջող մարդիկ ծառի պէս կը տեսնեմք։ Ուստի ծառն ու մարդ որոշելու համար լոյս եւ պայծառ տեսութիւն պէտք է, որ միայն կրթութեամբ կստացուի, եւ քանի որ մեք կրթութեան ու գիտութեան լուսատու շնորհք չունիմք մեր տնտեսական կեանք այսպէս կը մնայ։ Գիտութիւն մեզի համար արժան տեսեր է խալարչտին ու մրջոտած տուներ, մինչեւ գայ ժամանակ ժողովուրդին մտաւորական աչքը բացուի, լոյս տեսնէ, կարենայ ճանչնաւ ու որոշել մարդն ու ծառ։ Էն ժամանակ ահա եթէ ողջ մնացինք այս մրջոտած տներէն դուրս կելնեմք դէպ ի լոյս եւ յառաջդիմութիւն, ու կազատուինք տգիտութեան ան խեղդիչ մոլխէն ու ծուխէն։
Այսչափ միայն, Թոռնիկ, գիւղական անշուք շէնքերու վերայ խօսեցայ, բայց շինական ժողովուրդին առտնին կեանք շատ ընդարձակ է եւ ուրիշ բազմազան բաներ ունի։ Արդէն Թոռնիկ, դու գիւղական կեանքի մէջ ծնած ես, քեզ կը թողում նորա