ճարներուն հնութեան ձեւն ու պատկերն ունին։ Ափսոս, հազա՜ր ափսոս, որ այդ հնութեան տաճարներուն մնացորդներ հետզհետէ կը քանդուին եւ օտար ձեւերով եկեղեցիներ կը շինուին եւ սեղաններ կը կազմուին անվայելուչ ու անճաշակ խաշկալներով։
Թողունք այս. Թոռնիկ, դառնամք միայն մեր գիւղի եկեղեցւոյ նկարագիր հանեմք, բաւական է՝ դու այդ նկարագրով իբրեւ մի պատկեր աչքիդ առաջ տեսնաս։
Մեր գիւղի եկեղեցին դարձեալ հողակերտ ու փայտաշէն է, որ մի քանի տարի յառաջ հազիւ հազ նորոգուեցաւ. տե՜ս, սեղան պարզ, անպաճոյճ, փայտակերտ, կոպիտ շինուած մի խաչկալ ունի, վէմ — քար ու մոմակալ աստիճաններ անշուք մրջոտած կտաւով ծածկուած են, պատարագի ժամանակ հազիւ թէ երկու մոմ վառուին, ուրիշ ժամանակ բաւական է մի փայտէ եռոտանի ճրագակալ եւ վրան հողէ ճրագ բոլորովին ձիթոտած ու մրջոտած, սեղանի տերունական պատկեր տես ի՞նչ անձեւ եւ անարուեստ է։ Եկեղեցւոյ յատակ եւ սեղանի վրայ միայն փսիաթներ փռուած են։ Գիւղական եկեղեցիներ մեծ մասամբ վերնատուն չունին, այր մարդիկ առաջ կը կանգնին՝ կիներ ետեւի կողմ։
Թողանք այս նիւթական անշքութիւն, որ Աստուծոյ տիեզերական փառաց առաջ նշանակութիւն չունի, որոյ աթոռ երկինք է եւ ոտքին պատուանդան երկիր։ Գանք բարոյական մասի նկարագիր հանել։ Մի ծերուկ քահանայ ունիմք ցուպ ի ձեռին դողդոջելով հազիւ եկեղեցի կուգայ, աչքեր Իսահակայ նահապետին պէս վատատես եղած է ի վաղուց, բայց ինքն եկեղեցւոյ ժամերգութեան շատ բաներ բերան եղած է եւ կը կարդայ. ինքն երկիւղած, բարի եւ ժողովրդասեր մի քահանայ է։ Մի քահանայ էլ ունէինք, բաւական կրթութիւն ունէր, ժիր ու գործունեայ էր, բայց նա հարստացաւ, թողեց գեղ, ու քաղաք գնաց: Կը թուի որ գիւղական երէցներուն հարստանալ շատ լաւ բան չէ, վասն զի հարստութիւն զիրենք դէպ ի դիւրակեցութիւն կը մղէ, թէպէտ ուխտադիր է գիւղի եկեղեցւոյն վերայ քահանայ ձեռնադրուելով, բայց կը յաջողին այնպիսիներ իրենց ուխտին դէմ դրժել, ոչինչ եւ անհիմն առիթներ յառաջ բերելով։ Այլ ուղիղ խօսելով եւ դատելով շատ անգամ եւս իրաւունք ունին գիւղական քահանաներ, երբ ժողովուրդ կը զլանայ իւր հոգե-