ւոր պաշտօնէին հոգեւոր մատակարարութեանց իրաւունքներ տալու ինչ որ նախնի եկեղեցւոյ սուրբ հայրերէն սահմանուած է։
Սորա ապացոյց ահա մեր ժամանակի մէջ կը տեսնամք, որ ժողովրդին պէս քահանաներն եւս պանդխտութեան կը դիմեն, թողլով գիւղն ու եկեղեցին որբ՝ տարիներով կը դեգերին օտարութեան մէջ։ Ո՜, տեսնաս դու, Թոռնիկ, Պօլսոյ գերեզմանոցներու մէջ թափառելով կսպասեն, որ մի մեռելաթաղ լինի, կամ պանդուխտ ժողովուրդէն մէկ գայ, եւ իւր ննջեցեալի գերեզման օրհնել տայ։
Այսպէս, քահանայն կը թողու գիւղի կենդանի ժողովուրդին հովուութիւն, յորոց չկրնալով իւր ապրուստ հայթայթել, կերթայ մեռելոց գերեզմանէն գտնել իւր ընտանեաց հացն ու ճարակ։ Օրհնեա՜լ լինին այդ ննջեցելոց յիշատակ, որբ իւրեանց գերեզմանէն քահանային հաց կը հոգան: Մեռելոց գերեզմանն եւս իւր պտղաբերութիւն ունի, ուր հաւատով ու Քրիստոսի անունով ննջեր են ի Տէր։
Այնպէս կը թուի ինձ, Թոռնիկ, որ գիւղական ժողովուրդն չժողովուրդ համարուած է ազգի վարիչներու առաջ, նա արժանի չէ, որ բարեզարդ եկեղեցի ունենալ, արժանի չէ, որ ուսեալ բարեզգեաց քահանայ լինի իւր հովիւ, նորա համար աւելորդ համարուած են դպրոց, ուսումն եւ կրթութիւն. նա չունի բաղդ, որ տարին գոնէ մի քանի անգամ վարդապետի քարոզ լսէ. գիւղական եկեղեցւոյ շեմ այցելութեան ոտքէն շատ հեռու է. վերջապէս նա ամէն հոգեւոր մխիթարութենէն ղրկուած է: Մարդ կարող չէ նորա անգնահատելի վիճակին նկարագիր հանել։ Ամէն բան կեդրոնացած է քաղաքներու մէջ, ուր դրուած է աթոռը ընդհանուր վիճակի առաջնորդին։ Առաջնորդ քաղաքացւոց համար գիտես թէ մենավաճառ է կամ վարձեալ մի հովիւ, որ միայն քաղաքացւոց կը վերաբերի, միայն քաղաքացի ոչխարներ պէտք է արածայ, դաշտի գիւղական ոչխարներ թող գայլեր տանին։ Առաջնորդ էն ժամանա կը տեսնայ գիւղացւոյն երես, երբ նա մի խնդրոյ համար աղերսադէմ կը ներկայանալ իրեն։ Անձնիւր կեանք եւ փառասիրութիւն մեր հոգեւոր հովիւներու փոյթ ու եռանդ շիջուցեր են, ես կը կարծեմ դորա պատճառ քաղաքացիք են եւ քաղաքային կեանք։
Գիւղական ժողովուրդին մի դուզնաքեայ մխիթարութիւն