ղովրդոց վիճակը յանկարծ չի փոխուիր, այլ բնական կարգով ու աստիճանաւ կը լինի։ Յառաջդիմութիւն արեւմուտքէն սկսեց, դեռ նոր մտած է արեւելեան դուռը. շատ ժամանակ պէտք է, որ այդ դռնէն ներս մտնելով գայ հասնի մեր աշխարհն։ Յառաջդիմութիւն նախ քաղաքներին կսկսի եւ ապա կը մօտենայ գիւղերուն։ Բայց քաղաքներ դեռ նոր սկսած են այբ ու բեն. բոլոր նախակրթարաններ բացոլած են մատաղ մանուկներու համար, որ դեռ կարդալ-գրել կը սորվին. քիչ մի եւս քրիստոնէական դասեր. քիչ մի հաշուել, եւ քիչ մի եւս աշխարհագրութեան խարթայի վրայ կը նային. մանուկ դեռ իւր շրջապատի տեղեր չը գիտցած, դէ՜, Ամերիկայ եւ Ճենաստանի մայրաքաղաք կը հասնի։
Վասպուրականի մէջ գտնուած գլխաւոր գեղերու մէջ արդէն ձեռնարկուած է նախակրթարաններ բանալ. փոքր ի շատէ սկսած են գեղացի մանուկներ կարդալ ու գրել սորվել: Գիւղական դպրոցներ միայն ձմերան կրնան պարապիլ, իսկ ամրան գիւղացիի տաս տարեկան մանուկ իրեն համար շատ պիտանի է. որթիկներ ու գառներ ո՞վ պիտի արածայ, թող այդ փոքրիկ տղերք հօտաղութիւն կանեն, մշակութեան ամէն բաներու մէջ գարունէն մինչեւ աշուն նորա ըրած ծառայութիւն չորս հարիւր դահեկանի վարձուց հաւասար է։ Մեր աշխարհի մէջ յառաջդիմութիւն, դեռ նոր ծնած մի երեխայ է, տակաւին շատ եւ շատ ժամանակ պէտք է, որ նա դպրոցի լուսաւորութեան աւազանին մէջ մկրտուի, օրըստօրէ զարգանայ եւ մարդ լինի։ Չկարծես, խոռնիկ, որ կրթութեան երեխան այնպէս շուտ կը մեծանայ, ինչպէս մայրերու ծնած զաւակ. բնական ծնունդի զարդացման համար եթէ միայն քսան տարի բաւական է, իսկ յառաջդիմութեան եւ կրթութեան զարգացումն երկար դարերու կը կարօտի։ Եւ գիտես դու թէ քանի՞ դարերէ յառաջ Եւրոպան սկսեց եւ այսօր հազիւ հասաւ այս աստիճանին։
Սակայն մեր ժամանակի սերունդին համար մեծ բախտ է. վասն զի Եւրոպան տաժանելի աշխատութեամբ մեծամեծ զոհողութեամբ այդ յառաջդիմութեան ճամբան հարթեց ու բացաւ բովանդակ ուսման եւ գիտութեան տարերք պատրաստեց, ինչպէս սեղան մի դրաւ մեր առաջ։ Աւետարանին խօսք շատ յարմար է այս բախտին. «Այլք վաստակեցին եւ դուք ի վաստակս նոցա մտիք»։