Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/119

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

մնացած են վանքեր, մանաւանդ Վասպուրական գաւառին մէջ. վանական վարդապետներ մերթ ընդ մերթ կայցելեն թեմական գիւղերն, թէեւ վանքին իրաւունք եւ պտղին ժողովելու համար է այդ, բայց կան նորա մէջ այնպիսի ժրագործ վանականներ, որք ոչ միայն իրենց այցելութեան պարտք կատարելով հոգեւորապէս կը մխիթարեն ժողովուրդը, այլ եւ գիւղական շատ այլ եւ այլ պատահական գործեր կը կարգադրեն եւ մերթ եւս կռիւներու եւ վէճերու համար հաշտարար դատաւոր կը լինին։ Ափսո՜ս, որ այսպիսի պարտաճանաչ վանականներու օրինակ շատ հազուագիւտ է։

Այս դաս շատ ընդարձակ նիւթ կուտար ինձի, բայց Պապիկ մի աշխարհական հողագործ մշակ լինելով՝ համարձակութիւն չունիմ իմ հողագործութեան դասերու շրջանէն դուրս ելնել, պէտք է հոգեւորական բան հոգեւորականին թողուլ, նոքա ժողովուրդի բժիշկներն են. միթէ կարող չե՞ն իրենց հիւանդութիւն բժշկել, հոգան, խօսին, գրեն եւ ցոյց տան դեղն ու դարման։

Այժմ կանցնիմ խօսել, Թոռնիկ, թէ ի՞նչ են այն միջոցներ, որով գիւղական ժողովուրդ գոնէ փոքր ի շատէ կարենայ յառաջդիմել, իւր ներկայ վիճակն բարուոքել ժամանակի ընթացքին համեմատ։


Ի.

ԳԻՒՂԱԿԱՆ ժՈՂՈՎՐԴԻ

ՎԻՃԱԿԻՆ ԲԱՐԻՈՔՈԻՄՆ

Մարդ յուսահատ կը լինի, Թոռնիկ, երբ կը տեսնայ գիւղական ժողովրդի վիճակ, եւ նորա վարած դառնաշխատ կեանք. ինքնին մտածելով կասէ, միթէ կարելի՞ է, որ մեր դաշտաբնակ երկրագործ ժողովուրդին վիճակ փոխուի, կեանքն բարւոքի եւ ինքն եւս սկսէ ոտն առ ոտն յառաջդիմել։

Պէտք է գիտնաս, Թոռնիկ, որ աշխարհիս ազգերու եւ ժո-