նեա՜լ եղիցի, եւ Տէր Աստուած հատուցանէ այդ անխոնջ մշակին վարձք։
Այս ճշմարիտ իրողութիւն իբրեւ ապացոյց՝ պատմեցի քեզ, Թոռնիկ, որպէս զի դու եւ գիւղական ժողովուրդ համոզուիք թէ՝ չափահաս մարդիկ եւս կարող են կրթուել, կարող են սովորել, միայն թէ անձնանուէր ուսուցանող լինի, մանաւանդ երբ ուսուցանէ եւ միանգամայն գործէ եւ իւր անձն իբրեւ օրինակ՝ ընծայէ ժողովրդին։
Եւ ո՞ւր են այդ անձեր, եւ որչա՞փ հազուագիւտ են շինական ժողովրդին համար, եւ ո՞ր տեղէն պիտի լինին դոքա յանկարծ, անապատէ՞ն պիտի գան Յովհաննէս Մկրտչի նման, կամ Տէր Աստուած հոգալով իւր ժողովուրդ հովիւներէն մարգարէ՞ պիտի հանէ իւր շնորհաց դպրոցէն, ինչպէս կը հանէր երբեմն Իսրայէլի ժողովրդին համար։ Քանի որ հաստատեալ բարեկարգ կրթարաններ չունիմք, որ ուսեալ եւ կրթեալ ժառանգաւորներ հասնին, այսպէս կը մնայ ժողովրդին վիճակ։
Հունձք բազում եւ մշակք սակաւ, կասէ Յիսուս։ Աղաչեցէք զտէր հնձոց, որ հանցէ մշակ ի հունձս իւր։ Մեք ոչ կաղաչեմք եւ ոչ կը խնդրեմք, ինքնին Տէր Աստուած գթալով մեր խեղճութեան վերայ, երբեմն փոքրիկ մշակ, այցելու հովիւ կը հանէ մեր հունձերուն համար, ինչպէս Տէր Դանիէլ վարդապետ միաբան Վարագայ վանից, որ տասն տարիներէ ի վեր ամենայն անձնանուիրութեամբ կը հովուէր ոչ միայն մեր Արճակ գիւղն, այլև բոլոր մօտակայ և հեռաւոր շրջակայ գիւղեր նորա այցելութեան ոտք հանգիստ չէր գիտեր, այլ անդադար կը շրջէր. այդ անխոնջ մշակ ոչ միայն Աւետարանի սերմեր կը ցանէր, բարոյական խրատներ կը խօսէր, այլ եւ գիւղական տնտեսութեան դասեր եւս կաւանդէր, այնպէ՜ս պարզ, յստակ, ու հասկանալի ոճով, որ մեք թանձրամիտ շինականներս կարող էինք ըմբռնել նորա ամբողջ խօսքեր։ Նա շինեց ու հաստատեց մեր Արճակու դպրոց, եւ միանգամայն նորա յարատեւութեան համար եկամուտներ կարգադրեց, նոյնպէս ուրիշ շատ դեղերու մէջ եկեղեցիներ շինեց, դպրոցներ հաստատեց։ Դանիէլ վարդապետին կեանք բոլորովին պարզ եւ սակաւապետ էր, նա կը կերակրուէր շինականի սեղանէն, որ սովորաբար թանապուր եւ մածուն էր, անտրտունջ կուտէր եւ կասէր, Կրօնաւորին համար այսչափս բաւական եւ շատ է։ Իւր ոգին անընչասէր էր եւ ազատ