ղինակ Ղազարոս Քրիստոստուր անուն մի պատուական անխոնջ աշխատասէր մարդ էր, ափսո՜ս, նա մեռալ երկու տարի առաջ, բայց իւր ձեռնարկութիւն անընդհատ շարունակեց մինշեւ ի գերեզման։ Եւ ի՞նչ էր իւր ձեռնարկութիւն,— Կիրակնօրեայ մի լսարան բանաւ պանդուխտ բեռնակիրներու կրթութեան համար։ Այո՛, բացեց ու յաջողեցալ, տեսնայիր դու կիրակի եւ տօն օրեր, թողլով սրճարան եւ ուրիշ զուարճութեան տեղերն՝ մեր պանդուխտ եղբայրներ լսարան կը թափէին, պարոն Քրիստոստուր անթոշակ վարժապետ այբէն սկսելով իւր պարզ դասեր կաւանդէր։ Նա մանկավարժ չէր, բայց այնպիսի դիւրին ոճով ու եղանակաւ կուսուցանէր դասերը, որ այդ թանձրամիտ կարծուած բեռնակիրներ ամենայն դիւրութեամբ կըմբռնէին նորա ասածներն: Եւ ահա փոքր շրջանում՝ մեր բեռնակիրներ, գռեհիկ շինականներ բանդէտ դարձան։ Սորվեցան բաւական հայերէն լեզուն, Քերականութիւն, Սուրբ գրոց պատմութիւն, Քրիստոնէական վարդապետութիւն եւ Աւետարանի դասեր, Թուաբանութիւն, տօմարական հաշիւներ եւ այլն։
Դու գիտես, թոռնիկ, ի՞նչ եղաւ այս արդիւնաւոր ձեռնարկութեան վախճանը, երբ բեռնակիր մարդ ուսման ճաշակն առաւ, փոքր ինչ զարգացաւ նորա միտքն, նա զգաց ու ճանչցաւ իւր արժանիք, գիտցաւ թէ մարդն անասուն չէ, որ բեռ կրէ, Աստուած զմարդն իշխան ստեղծեր է, որ անասնոց վարիչ լինի։ Ուստի բեռնակիր ձգեց համետ (սէմէր) իւր բրտացած քամակէն, գնաց իւր արժանիքին համեմատ գործերու պարապեց։ Այդ բեռնակիրներ մինչեւ անգամ մասնաւոր գրադրութեան պաշտօններ ընդունեցին, ոմանք եւս իրենց հայրենիք դառնալով գիւղական դպրոցներու մէջ մանկավարժ եղան։
Երախտապարտ եմ յիշել ու խոստովանել, որ Պօլիս եղած ժամանակ՝ շարունակ կերթայի այդ անձնուէր մարդոյ մտիկ անելու, մանաւանդ իւր խրատական եւ բարոյական դասեր շատ կրթիչ ու օգտակար էին գաւառացի պանդուխտներուն համար։ Հանգուցեալ հոգին մի անվեղար, անգաւազան քարոզիչ վարդապետ էր, նա չգիտէր մեթոտ, կամ ճարտասան լեզու գործածել, կամ համառօտ ու հարեւանցի կերպով ասել, անցնել. այլ այնչափ կը խօսէր, այնչափ կը վարէր բեռնակիր աշկերտներուն կորդացած երկիր, մինչեւ խրխրէր նոցա միտքն, ցանէր ու տեղաւորէր իւր դասերու հատիկներ, իւր յիշատակն օրհ-