դըն ստեղծեց, եւ այդ գըսմաթ այս մեր բնակած երկիր եւ հողն է, որոց համար ասաց գործել ու պահել։ Ուստի առանց գործելու, առանց աշխատութեան, առանց վարուցանի մարդոյն համար ոչ հաց կայ եւ ոչ դըսմաթ։
Պատրաստուիր ուրեմն, Թոռնիկ, աշնան գութանի ժամանակ չանցնի, վաղն առաւօտ պիտի երթամք դաշտ սկսենք մեր աշխատութիւն։ Այժմ դու հան այդ փեսայութեան չուխայ լաթեր, հագիր մշակութեան շալէ շալվար. Շուշանն էլ թող իւր հարսանեկան զարդեր հանէ, մամկի հրամանով աւել ձեռք առնէ, տունն խորդէ, աւլէ, մաքրէ, ամէն բան իւր տեղ դնելով կարգադրէ։ Այսպէս, Թոռնիկ ի դաշտ՝ Շուշանն ի տան, եթէ աշխատին՝ Աստուած հաց կուտայ։
ԻԲ.
ՊԱՊԿԷ ՊՍԱԿ
Ի ԴԱՇՏ
Սիրելի՛ Թոռնիկ, ես նորէն եւ կրկին զքեզ պիտի պսակեմ. դու մի՛ կարծեր, որ եկեղեցւոյ կամ քահանայի պսակ քեզ բաւական է։ Այո՛, հոգեւորապէս եւ Աստուծոյ օրէնքով բաւական եւ շատ է։ Բայց եթէ Պապիկ այդ պսակին վրայ իւր պսակ չդնէ, դու անօթի կը մեռնիս։ Ահա աղօթարան բացուեցաւ, հրաման արա մշակներուն, թող գութան սարքեն, տանին գեղի մօտի խօզան աւազարտ. պէտք է այժմէն վարենք, աղբենք այն արտն, եւ գարուն բանջարեղինաց պարտէզ անենք։
Լծեցէ՛ք գութան. դու տես հիմի, Թոռնիկ, թէ ի՛նչպէս պիտի պսակեմ զքեզ։ Գնա՛ նախ գոմշուկներուն եւ եզներուն ճակատներ համբուրէ, արի գութանին մաճին քով խոնարհիր գետին՝ մայրենի հող համբուրէ, ձեռքս մաճին վերայ դրած եմ, համբուրէ Պապկի ձեռք եւ մաճը. ահա քառասուն տարուան մաճկալ Պապիկ, այսօր քեզ կը յանձնէ մաճկալութեան վսեմագոյն պաշտօն, զոր Տէր Աստուած Ադամայ մեր մեծ Պապկէն տուաւ, որ գործէ երկիր եւ պահէ։
Ցորենաբոյսէ հիւսուած մի սիրուն, գեղեցիկ, բոլորակ պը-