ուրիշ Շուշան էլ կը գտնէ։ Իսկ եթէ հողն մեռնի, էն ժամանակ բոլոր Պապկի տանն ընտանիք ի միասին կը մեռնին: Եւ ի՞նչպէս կը մեռնի հողն, որ Ադամէն մինչեւ էս օր կայ ու կը մնայ անմահ։ Խօսեմ ձեզ թէ հողն ի՛նչպէս կը մեռնի. այն անբախտ օրն, երբ Թոռնիկ ձեռք մաճէն քաշելով՝ հողագործութիւն չի շարունակեր, կամ հարստանալով կը բարձրամտի՝ այլ եւս ամօթ կը համարի գիւղին մէջ, կամ պիւղական ընկերութեան հետ ապրել, կը թողու գիւղն ու հող կերթայ քաղաքացի կը լինի։ Եւ կամ դժբախտ օրեր կը հասնին իւր վերայ, երբ յուսալով թէ շատ հողեր ունի, պարտք անելով իրարու վերայ կը բարդէ, պարտատեր հողեր կր գրաւէ, ո՜հ, Թոռնիկն անհող կը մնայ։
Ահա այն օր հողն Թոռնիկին համար կը մեռնի, գրաւողին համար կենդանի կը մնայ։ Այն օր, այո՛, Պապկի տան ճրագ կը մարի, Թոռնիկ տանուտէր՝ վարձւոր մշակ կը լինի։ Աւա՜ղ, Պապկի հարս, նազելի Շուշան՝ պիտի երթայ հացթուխ լինի գեղին մէջ, իրիկուան մի քանի հաց գոգնոցին մէջ դնելով՝ բերէ իւր ճժիկներուն։ Թոռնիկին մայր, բարի տանտիկին, դու Պապկի ետեւէն մեռիր, որ չը տեսնաս այն օր։
Չասե՞ս, Թոռնիկ, ա՜հ, Պապիկ, ի՞նչ չար գուշակութիւն կանես Թոռնիկիդ վերայ, բերանդ բարի բաց։ Ո՛չ, Թոռնիկ, Աստուած չընէ որ գուշակութիւնն ձեր վերայ կատարուի։ Ես կաղօթեմ որ դուք այն սեւ օր չը տեսնաք, սորա համար այն սեւ աւուր տխուր կեանքի պատկեր նկարեցի ձեր աչքի առաջ։ Որպէս զի տեսնաս ու յիշես Պապուդ հեռատես գուշակութիւնն, յամենայն զօրութենէ աշխատես հողն ձեռքէդ չհանել. ոչ միայն հողն քեզ պէտք է, որ հաց կուտայ քեզ, աշխարհիս վերայ կապրիս, այլ եւ նորա համար Աստուած շատ արեւ տայ քեզ. երբ մեռնիս՝ գերեզմանիդ համար էլ երկու կանգուն հող պէտք է, չգիտե՞ս դու, մարդիկ գերեզմանի հողին վերայ էլ կը կռուին, վա՜յ անոր, որ կը մեռնի եւ թաղուելու տեղ չունի, զի գերեզմանի հողն եւս մարդոյն համար մի սեպհական իրաւունք է: Ասել կուզեմ, Թոռնիկ, մարդ իւր ծնած օր էն հոգով կապրի. եւ երբ մեռնի, դարձեալ հող պէտք է, որ նորա տակ թաղուի։
Այսպէս, Թոռնիկ, հողն պէտք է կենաց եւ մահու օր. սորա համար Պապիկն զքեզ հողին հետ կապեց ու պսակեց, որ պինդ ղրկես զհողն. չթողոս որ ուրիշներ ձեռքէդ յափշաակեն, դու անհող մնաս, ստրուկ լինիս, երթաս ուրիշի դռներ վարձկան