մշակ դառնաս, եւ էն ժամանակ ձեր վերայ կատարուի Պապկի կախարդ գուշակութիւն. եւ դու խելաբերելով յիշես, աւա՜ղ, ես տանուտէր էի, նահապետ Պապկէս խրատներուն մտիկ չարի, այժմ անառակ որդւոյն պէս՝ վարձկան մշակ եղայ, թողլով իմ ոչխարաց հօտ, ուրիշներու նախիր կարածեմ. եւ շաբաթ մի անգամ գոնէ դուռ շրջելով նախրահաց ժողվեմ։
Այո՛, Թոռնիկ, երբ դեղի տանուտիրոջ բախտին անիւ դառնայ, այնչափ նուաստանայ՝ որ նոյն դեղին նախրորդ լինի, դու մի կարծեր թէ այդ վիճակ կարի դառնա գոյն մի վիճակ է. վասն զի դեղի նախրորդ վարձաւոր մի մշակ է, շալակներով հաց կը տանի իւր տուն. կթան կով ունի, գոնէ մի քանի հատ ոչխար, այծ ունի եւ իւր ընտանիք լիութեամբ կապրին։
Բայց երբ այդ անկեալ տանուտէրին ձեռք նախրորդութիւն չիյնայ, նա ինքնին իւր նախկին վիճակ յիշելով ասէ. Ես տանուտեր էի, ի՞նչպէս կարող եմ վարձկան մշակ լինել գիւղին մէջ, լաւ է որ թողում գեղ, երթամ քաղաքներ եւ իբրեւ անծանօթ մի չքաւոր մարդ, խառնուիմ փողոցի աղքատներուն հետ՝ լինիմ մուրացկան։ Իսկ եթէ իբրեւ հարստութենէ ինկած «տէօվլէթտէն տիւշկիւն» յաջողիմ վիճակի Առաջնորդէն մի վկայական առնել, այդ ինձ համար մի մեծ բախտ կը լինի. կերթամ աշխարհէ աշխարհ, եկեղեցիներուն, հարուս տներուն կը դիմեմ, եւ այսպէս ժողովք անելով՝ դառնամ գամ պարտքս տամ եւ պահեմ իմ ընտանիք։
Ահա, Թոռնիկ, դժնդակ եւ դառնագոյն վիճակն այս է. երբ տանուտէր մուրացկանութեան կը դիմէ, հաւատալով թէ այդ անարգ եւ անպատիւ մուրողութեամբ կարող կը լինի բաւական գումար հայթայթել ու վերստին կանգնել իւր կործանեալ տունն։ Դու կը հաւատա՞ս, որ հողագործին կործանեալ տուն՝ մուրացկանութեամբ կանգնի։ Բովանդակ ծերութեանս կեանքի մէջ ես այդպիսի բան չը տեսայ։ Վասն զի տանուտէր գեղացւոյն տան հաստատուն հիմն հողագործութիւն է. երբ տանուտէրն հողն ու հողին վաստակ թողու, նա արդէն կործանուած է եւ յաւիտեան կանգնել չունի. նա չքաւորութեամբ պիտի ապրի մինչեւ մեռնի։
Է՜, սիրելի՛ Թոռնիկ, բաւական եղաւ, աւարտենք դաշտի պսակ եւ դաշտի դասերս։ Ես պէտք է պատմեմ նաեւ գեղի էրէցուն եւ գեղացւոց, թող աշխարհ իմանայ, թէ Առճակու Պապիկ էսպէս մի տարօրինակ բան արած է. իւր Թոռնիկ նոր փեսան