սազին ու քէմանին հետ՝ ձայնն էլ շատ քաղցր եւ ազդեցիկ էր, իւր բնաւորութիւն՝ ուրախ զուարթամիտ մի մարդ էր նա։ Թող այս, նա խիստ ջերմեռանդ հաւատք ունէր դէպ ի Սուրբեր, ամեն տարի Մշոյ սուրբ Կարապետ ուխտի կէրթար. իւր սազ գերեզմանին վերայ դնելով կաղօթէր. «Ո՜վ մուրատատուր Ս. Կարապետ, որ քրիստոսին քաւոր եղար, քո ծառայ Մուշօյին երգելու շնորհք տուր»։ Աշուղներ էնպէս կը հաւատան, որ այդ անապատին լռակաց ճգնաւորն՝ իրենց փիրն է։ Զարմանալի է, որ լարախաղացն էլ նոյն հաւատով իւր ճարպիկ արուեստին համար դարձեալ նոյն շնորհ կը խնդրէ։
Մուշօն Սուրբ Կարապետէն դառնալով՝ սովորութիւն արած էր, կուգար Աշտիշատ՝ կը մտնար Սուրբ Սահակայ մատուռն, գլուխ գերեզմանին վերայ դնելով՝ կուշտ կուլար։ Չգիտեմ, էտ մարդ ոչ գիր գիտէր, ոչ պատմութիւն, ո՞ւր տեղէն սովորած էր Սահակայ Պարթեւի մեծութիւն եւ նշանակութիւն: Կը թուի թէ այդ երգախօս աշուղներ մեր եկեղեցւոյ Շարականաց երգիչներն կը ճանչնան։
Աշտիշատէն կելնէր կերթար Առաքելոց վանք, իւր ուխտ կատարելէն յետոյ՝ կանցնէր տաճարին արեւելեան կողմ, ուր թաղուած են Սուրբ Թարգմանիչներն, կը համբուրէր նոցա գերեզմաններն, եւ վաստակած լինելով՝ պահ մի կը նստէր էն տեղ եւ սազն ձեռք առնելով՝ կը շարունակէր Խորնոյ ծերունոյն ողբերն։ Ինքն կերգէր, ինքն կուլար. իւր ողբոյն արձագանգն միայն իւր զգայուն սիրտն էր:
Մուշօն լացով մխիթարուելէն յետոյ, Ծովասարէն կիջնար, կը հասնէր մի ձորաբերան տեղ, ուր հնուց ի վեր մի ջրաղաց կար շինուած, եւ ջաղցպան Մուշօյին ծանօթ բարեկամն էր, վասն զի աշուղներ շատաշրջիկ լինելով՝ ամէն տեղ ծանօթ ունին։ Մուշօն բարեւ տալէն յետոյ՝ հարցուց, աղբէր Մխօ, ջաղցի կլօճ ունի՞ս, շատ անօթի եմ։ Ո՜ւ, ի՞նչ կը հարցնես, բարեկամ Մուշօ, չե՞ս տեսնար, ջուր էկաւ ջաղաց տարաւ, ալուր, թոնիրն էլ հետ տարաւ. ես ո՞ր տեղէն տամ քեզ ջաղբի կլօճ։ Մուշօն տեսաւ, որ ջաղացպան ջաղցի աւերակին մէջ բան կը փնտռէ, կը հարցնէ թէ՝ ի՞նչ կը փնտռես այս ջրատար ջաղցին մէջ. ջաղացին ջախջա՜խ կը փնտռեմ, ջախջա՜խ, կը պատասխանէ ջաղացպան։