ԻԴ.
ՊԱՊԿԷ ԿՏԱԿ ԵՒ ՄԱՀ
Սիրելի Թոռնիկ, ժամանակս հասած է, անցեր է կեանքիս զուարթ առաւօտ. անցեր է կէսօրն, վերջինք եւ իրիկուն մօտ է. պէտք է քնանամ, հանգչիմ էնպէս, որ էլ վեր չելնեմ։ Կը տեսնաս ուժէ ընկած եմ, քայլերս կը դողդողին, ցուպն էլ օգուտ չունի. ձեռներս աշխատութենէ դադրած են. ո՜հ, աչքերս էլ Իսահակ նահապետին պէս վատատես եղած է. բոլոր մարմնովս անպիտանացած եմ, էլ ոչինչ օգուտ չունիմ, ոչ քեզ ոչ աշխարհին։ Էն մարդ, որ աշխատութենէն կը դադրիր՝ նորա կենդանութիւն շատ աւելորդ է. թէ մեր ընտանիքին եւ թէ գեղացւոց համար ես մի բեռ եմ. ձեռքովս չծվարած, չի ցանած եւ չի հնձած հաց ուտել, որչա՞փ դառն է, եւ հակառակ Աստուծոյ այն պատուէրին, որ կասէ թէ՝ երեսիդ քրտինքով պէտք է ուտես քո հաց։ Մարմինս չոր ոսկոր դարձած է. էլ իմ ճակատէս քրտինք չի ծնծնար, վասն զի քրտինքն աշխատութենէն կուգայ։
Թէպէտ զաւակներ ու թոռներ մեծ պարտականութիւն ունին, իրենց ծերացած հայրերն ու պապեր մեծ խնամով անտրտունջ դարմանել ու պահել մինչեւ մահուան օր։ Ծերոց ներկայութիւնը տան ու ընտանիքին համար մի օրհնութիւն է։ Սորա համար կասէ Սուրբ Գիրք. «Ծեր ի տանէ քումմէ մի՛ պակասեսցի»։
Բայց ես տեսեր ու լսեր եմ, Թոռնիկ. շատ անգամ ընտանիքներու մէջ, երբ ծերացած հայրեր, պապեր ու պառաւներ, երկար ժամանակ կը տառապին մահիճներու մէջ, էն ժամանակ նոյն իրենց սիրելի ընտանիքներն՝ կսկսին տրտունջ բառնալ. օ՜հ, չը մեռաւ որ ազատուէինք, ի՞նչ է այս մեր քաշած։ Նոքա կը մոռնան, չեն յիշեր իրենց ծնողաց եւ պապերուն սէրն ու գորովանք, հայրական ու մայրական երախտիք, որոց խնամով իրենք մեծցած, մարդ եղեր են։
Թողունք այս, Թոռնիկ, դու դեռ կդիտես մարդոց ընտանեկան կեանքի մէջ ինչ բաներ կան. երբեմն մի ընտաննաց հայր, որ շատ հարուստ է, եւ իր սնտուկներ լիք են ոսկիներով, բայց երբ ինքն բնաւորութեամբ սաստիկ ագահ եւ կծծի է, ամենախիստ ժլատութեամբ կը տնտեսէ իւր տան ծախքեր, եւ կապրի չքաւոր աղքատի պէս, դու լսեր ես թէ այդ ագահ մար¬