Jump to content

Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/162

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

մէջ։ Յիշէ հովիւ Յակօյին եւ մեր գիւղի մեծ տանուտէրներուն համբաւ, թէ ինչպէս բոլոր գիւղերու մէջ հռչակուած էր։

Հարցո՛ւր այժմ, Թոռնիկ, թէ ի՞նչ են բարոյական միջոցներ եւ բարի գործեր, որով մարդոյն արժանիք եւ անուն կը բարձրանայ ժողովուրդին առաջ։ Այդ միջոցներն են սիրել, բարերարել, գթասիրտ լինել, քաղցեալին ոչ միայն հաց տալ, այլեւ թանապուրին մէջ ձեռքով հաց բրդել, անկեալ ու դժբախտ ընտանիքներուն ձեռքէն բռնել, զրկեալ անձին քներն պաշտպանել եւ այլն։ Աւետարան կարդալով, Թոռնիկ, կը յիշէք, որ Յիսուս դատաստանին օր թողլով բարեգործ մարդոց ուրիշ այլ եւ այլ բազմադիմի առաքինութիւնները, աւելի կը յիշէ ողորմած մարդոց գթասիրութիւն, որ փողոցին մէջ մնացած՝ անտուն, անճարակ օտարներ ժողվեր են, որ աղքատ, անօգնական հիւանդներուն տես գնացեր են, որ բանտ արկեալներուն այցելութիւն արած են, որ քաղցեալին հաց, եւ ծարաւին ջուր տուեր են։ Ողորմած մարդոց գթասիրութեան այս բարիքներ ո՛վ է ընդուներ ողորմածներէն. յայտնի է թէ ժողովուրդին նեղեալ, չարչարեալ դասն ընդունած է, որ չէ կարող փոխարէն վճարել իւր բարերարներին։ Սորա համար աղքատին պարտք Քրիստոս կը վճարէ. եւ ի՞նչ կը վճարե, գիտե՞ս, երկնից արքայութիւն՝ կտոր մի հացի եւ բաժակ մի ջրի տեղ։

Բայց պէտք է գիտնաս, Թոռնիկ, որ ժողովուրդ ձրի մարդ չի սիրեր, եւ բան չառած՝ շնորհակալութիւն չի տար։ Միթէ դռան աղքատն առանց հացն առնելու, օրհնութիւն կուտա՞յ, կամ բարերարեալ մի՝ առանց բարիքն ընդունելու, բերան կը բանա՞յ շնորհակալութիւն տալ։ Աշխարհիս վերայ ամէն բան փոխարինութիւն է։

Կան, այո՛, բերաններ, որ միշտ անշնորհակալ են, եւ շատ անգամ եւս բարերարութեան դէմ ապերախտ կը գտնուին. թերեւս չար եւ անզգամ լինելով՝ չարիք էլ կը փոխարինեն, եւ կը կապեն բարերարին ձեռք, որ ստրջանայ եւ չը բարերարէ։

Սակայն դու այս հաշիւներ թող, Թոռնիկ, Աւետարանին մտիկ արա՛, որ կը պատուիրէ ատելիներուն բարի առնել, որք թէպէտ անարժան լինին, բայց դու չե՞ս տեսեր, որ մեր երկնից Հայր, իւր անձրեւ հաւասար կուտայ մեր դաշտերուն, չի խտրեր չարն ու բարին, նմանապէս իւր լուսատու արեւ հաւասար կը ծագէ բոլոր աշխարհիս վերայ։ Բարերարութեան արդիւնք