Jump to content

Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/165

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

փոխական են, այսօր կան եւ վաղիւն ոչ. իսկ ձեր պերճանք, զոր նախախնամութիւն վաղուց ի վեր պատրաստած է, կան ու կը մնան, միշտ անփոփոխ դաշտեր, լեռներ, բոյսեր, գետեր, աղբիւրներ, միշտ նոյն կը մնան. միայն թէ բնութեան պատրաստած այդ ճոխագոյն բարիքներն՝ մարդ պէտք է գիտնայ թէ ի՞նչպէս վայելելու է։

Ինչ որ Տէր Աստուած Ադամայ ասաց, նոյն մինչեւ ցայսօր կը խօսի Ադամայ զաւակներուն, այն է՝ գործել զերկիր եւ պահել: Դուք փորձով գիտէք թէ արտն՝ առանց ցորեն ցանելու, ցորեն չի բուսնիր, առանց տնկելու եւ ջրելու ծառ չի աճեր, առանց հողագործական աշխատութեան՝ ոչ ոք կարող է երկրէն. արդիւնք հանել ու ժողովել իւր ամբարն։ Հողագործ մարդու կեանք միայն աշխատութեամբ կարդիւնաւորի, հողագործ հողով կապրի եւ երջանիկ կապրի, ինքն ապրելէն յետոյ, քաղաքացի ժողովուրդին էլ հաց կուտայ:

Ուրեմն դուք ձեր հողերով, ձեր դաշտերով, ձեր լեռներով, ձեր կաթնտու կովերով ու ոչխարներով, եւ այլ պիտանի անասուններով՝ շատ ու շատ հարուստ էք քաղաքացիներէն։ Իբրեւ գեղացի, փորձառու Պապիկ խրատ կուտամ ձեզ, չը լինի՜, չը լինի՜, որ գեղ թողուք, հող թողուք եւ երթաք քաղաք բնակիք, գիտցէք որ թշուառ կը լինիք. երբ հողն կորսնցնէք, ձեր կեանքն էլ հողին հետ կը կորսուի։ Կարօտութիւն եւ թշուառութիւն կը հասնի ձեր վերայ եւ էն ժամանակ դուք յուսահատ վիճակի մէջ կը պաշարուիք, էլ ուրիշ ոչինչ յոյս չի մնար ձեր առաջ, այլ միայն պանդխտութիւն, ձգելով ընտանիք, զաւակներն անտէր, երթալ յօտարութիւն, չարաչար աշխատութեան մէջ տառապիլ, թողլով հողագործութեան քաղցր ու ազատ աշխատութիւն, ո՜հ, երթալ բեռնակի՞ր լինել. թողլով գիւղի կանաչ դաշտավայրերն, մաճն ու լծկաններն, ծառն ու ծաղիկ, հովասուն լեռներն, անմահական աղբիւրներու ջրերն, քաղցրաշունչ առողջարար օդն, կաթն ու մածուն, սերն ու կարագ եւ այլ շատ բնական ու նահապետական բարի վայելքներն, դորս մայրենի երկիր կը պարգեւէ իւր զաւակներուն։ Պապիկ շատ փորձառու է պանդխտութեան դառն կեանքին, ձեզմէ շատերն էլ նոյն փորձն առած են. աշխատեցէ՜ք, աշխատեցէ՜ք, որ այդ օտարութեան կեանքի դառնութիւններ չի ճաշակէք. ես էլ կաղօթեմ ձեզ համար, իմ հայ¬