րենակից գիւղացիք, որ պանդխտութեան երես չի տեսնաք, ձեր հացն մայրենի երկրին մէջ գտնէք։
Բայց գիտէ՛ք, բարեպաշտ գեղացիք, թէ մարդիկ միայն հացով չեն ապրեր, կերթաք մամ, Աւետարանին մտիկ կանէք, լսեցէք ի՞նչ կասէ Յիսուս թէ «մարդ միայն հացով չի ապրիր, այլ եւ Աստուծոյ բանով պէտք է ապրի»։ Վասն զի եթէ մեր մարմին հացով կապրի, հոգին էլ պէտք է ապրի, եւ հոգւոյ կեանքն ու հաց Աստուծոյ պատուէրներն են, եւ պատուիրաններու գլուխ սէրն է. ուստի մարդիկ սիրով կապրին եւ իրարմով կապրին։
Ձեզ պարզ օրինակ տամ. մէկ լծով կութան չի լինիր, մէկ մարդով ջաղացի քար, կամ ձիթահանի գերան կարելի չէ տանել իւր տեղն դնել, աշխարհիս ամէն դժուար բաներն մարդիկ սորված են ընկերական միացած ուժով գործել։ Դուք փորձով գիտէք, երբ որ մեր գիւղի համար մի ծանր բան լինի, բոլորս կը միանանք եւ այնպէս կը գործենք։ Կը յիշէ՞ք քանի տարի յառաջ՝ քիւրդեր մեր գիւղի ոչխար զարկին տարան, էն ժամանակ գիւղի բոլոր կտրիճներ հաւաքուեցան, որն ձիով, որն ոտով, գերանդիներ սուրի տեղ առին՝ գնացին թալան դարձուցին։ Հիմի դուռ ասէք, մի մարդ գեղի ողջ թալան կարո՞ղ էր դարձունել։
Հասկցաք այժմ, որ մարդիկ իրարու օգնելով կապրին, հարցուցէք, թէ ինչո՞ւ համար իրարմով կապրին։ Մտիկ արէք, պարզ կերպով խօսիմ ձեզ։ Որովհետեւ աշխարհիս վերայ, ամէն տեղ գեղն ու քաղաք մարդոց կեանք անհաւասար է. որն հարուստ է, որն աղքատ է, որն իշխան է, որն հասարակ ժողովուրդ է, որն տէր է, որն ծառայ է, որն տանուտէր է, եւ որն միակ է։ Ահա այս անհաւասարութիւն է, որ մարդիկ իրարու հետ կը կապէ էլ մի ընկերութիւն կը կազմէ. ժողովուրդ իշխանին հետ կը կապէ, ծառայն տիրոջ հետ, աղքատն հարուստին հետ, ինչպէս մեր գիւղի աղքատ մշակներն՝ հարուստ տանուտէրներուն հետ է, ապած է։
Ի՞նչ կասէք դուք, եթէ այդ մշակներն աղքատ չը լինէին, յանձն կառնէի՞ն մտնել ծառայութեան ծանր լծին տակ։ «Աղքատութիւն զայր խոնարհեցուցանէ», կասէ սուրբ Գիրք, ապա թէ ոչ, մարդ եթէ զգայ իւր անձին արժանաւորութիւն, երբէք չի խոնարհիր ծառայութիւն անելու։ Բայց միթէ լաւ կը լինի, եթէ ամէն մարդ հաւասարապէս ազատ լինի, հարուստ լինի, աղա լինի, Ո՛չ, էն ժամանակ աշխարհիս կարգ կը խանգարուի. հա¬