պիտին կամ՝ վարդապետին պէտք է սորվին մանակներն։ Այդպիս մտիկ արիք բացատրեմ ձեզ։ Մեր նորածին երախաներն կը տանեն եկեղեցին, քահանան կը մկրտի աւազանին մէջ, կնքահայր անլեզու երախայի կողմին թարգման կը լինի, հաւատք, յոյս, սէր խնդրելով քրիստոնէութեան դաւանութիւն կուտայ. բայց ո՞վ է, որ կը մկրտի երախան մայրենի տան աւազանին մէջ, այդ մկրտիչ բնական քահանայն նոյն իսկ ծնող մայրն է, որ երբ երախային լեզուն ու միտք կը բացուի, կսկսի սորվեցնել քրիստոնիութեան համառօտ՝ պարզ ու բնական դասերն, նորա մատաղ սրտին մէջ կը ցանի սուրբ կրոնի սերմիկներն, որք հետզհետի կը բողբոջին իւր աճման հետ։
Հիմի տեսա՞ք, որ տան ընտանեկան դպրոցին առաջին բնական եւ մեծ ուսուցիչ ու կրթիչ ծնող մայրն է, չենք սխալիր թէ որ ասենք, քրիստոնիական ուսման եւ նախակրթութեան մէջ, առաջին վարժապետ, վարդապետ, աստուածաբան, դաստիարակ մայրն է, եւ մանաւանդ բարեպաշտ մայրն, որ միայն լեզուով չուսուցաներ, այլ եւ իւր մայրենի բարի օրինակով կը կրթէ զաւակներն: Մեր գիւղացի ժամասէր մայրեր, կը տեսնա՞ք, իրենց երախաներ գրկելով կերթան եկեղեցին, Աստուածածնայ եւ խաչի պատկերներուն առաջ մոմ կը վառեն, ծունր կը դնեն, աղօթք կանեն, երախան իւր մօր այս օրինակներն տեսնելով կը տպաւորէ ինչպէս կնիք իւր մանկական մաքուր սրտին վերայ։ Իսկ երբ տակաւ-տակաւ զարգանայ, սկսի հարցնել, մայրիկ, ո՞վ է Աստուածածին, ո՞վ է Քրիստոս, ինչո՞ւ համար խաչուած է Քրիստոս, ի՞նչպէս յարութիւն առած է, եւ համբարձեր է երկինք. ո՞հ, այստեղ անուս եւ տգէտ մայր կարող չի պատմել Քրիստոսի ծնունդ եւ այլ գործքերն։
Հասկցա՞ք այժմ, գիւղացի եղբայրներ, թէ մայրերն են միակ առաջին վարժապետ ու կրթիչ իրենց զաւակներուն։ Այս եւս բաւ է, վարդապետի չափ երկար քարոզ ու խրատ խօսեցայ ձեզ. պահեցիք իմ այս վերջին կտակ, հոգ տարիք այսուհետեւ ձեր զաւակներն, մանչն ու աղջիկ հաւասար կերպով կրթել։ Ինչպէս խօսած եմ Թոռնիկիս դասերուն մէջ, մեր գիւղական դպրոցներ մեծ-մեծ ծախքեր չունին. եթէ իւրաքանչիւր տուն կալի ժամանակ մէկ-մէկ կօտ ցորեան տան, դպրոցի բոլոր ծախքեր կը հոգացուին։ Գիտեմ, դուք շատ ցաւեր ու տուրքեր ունիք հոգալու, բայց դպրոցի համար եղած տուրքն այնպիսի