քո հաց ճակատիդ քրտինքով ուտես, այսինքն՝ տաժանելի աշխատութեամբ ճարես հացդ, բայց թռչնոց եւ անասնոց համար ոչինչ բան չասաց, վասն զի երկնաւոր հայր կը կերակրէ զանոնք, ինչպէս կը վկայէ Յիսուս։ Մեք եթէ միայն հացով ապրինք, էն ժամանակ անասուն կը դառնամք։ Սորա համար Յիսուս ասաց. մարդ ոչ միայն հացով կապրի, այլ Աստուծոյ բանիւ։
Դուք ի՜նչ կասէք, Աստուծոյ բան, երկնից արքայութիւն միայն ա՞յր մարդոց համար է, կիներ մասն չունե՞ն, զրկուա՞ծ են. Աստուածաշունչ դիրք, օրէնք, պատուիրան, Աւետարան, միայն այր մարդոց համա՞ր տուաւ Աստուած։ Ո՛չ, այդպես չէ, Տէր Աստուած Ադամայ ել Եւայի հաւասարապէս տուաւ իւր պատուէր. նոյնպէս նոցա սերունդին հաւասար կերպով աւանդած է իւր Աստուածային պատուէրներն Մովսէսրն եւ Յիսուսին ձեռքով։
Ուրեմն կին-արմատն էլ պէտք է գիտնայ ու հասկնայ այդ Աստուածային պատուէրներն, որք բովանդակուած են Հին ու նոր Կտակարանին մէջ, եւ ի՞նչպէս կարող է կարդալ ու հասկնալ Աստուծոյ բան, եթէ փոքրիկ հասակէն սկսեալ նա չը սորվի դպրոցին մէջ, որ յետոյ մեծնալով նա կրթուած մայր լինի եւ կարող լինի կրթել իւր ծնած մատաղ զաւակներն։ Դուք չը գիտէք որ այդ փոքրիկներն միայն իրենց ծնող մօր կրթութեան ու խնամոց յանձնուած են, հայրեր ոչինչ փոյթ չունին, մանաւանդ գիւղացի հայրեր, որ բոլորովին զբաղած կը լինին իրենց մշակական աշխատութեան։ Ո՛վ է որ տղուն առաջին անգամ երես խաչակնքել կը սորվեցնէ, քրիստոնեայ մայր. ով է, որ հետաքրքիր մանկան ամէն մէկ հարցմունքներուն քաղցր ու մայրենի գորովով պատասխան կուտայ անձանձիր, մայր. ո՛վ է որ երբ մանուկ աչերն դէպ երկինք դարձնելով՝ կը տեսնայ կապոյտ երկնքին երես լուսաւոր բաներ, կը հարցնէ թէ ի՞նչ են, մայրն է որ կը պատասխանէ թէ արեւ, լուսին, աստղեր են, Աստուած ստեղծեր է մեզի համար, որ ցորեկ ու գիշեր լոյս տան։ Հապա երբ մանուկ իւր շրջապատ մօտ եղան, ոտներն կը տեսնայ ու կը հարցնէ, այդ ամէն բաներուն պատասխան տւող ով է, դարձեալ մայրն։ Այո՛, մանուկ իւր լեզուն մօրմէն կը սորվի. Աստուած, եւ Աստուծոյ բաներն էլ մօրմէն կը սորվի: Մարդիկ էնպէս կը կարծեն, որ այդ բաներն միայն վարժա—