Խնամակալն Աստուած մահով հանգոյց հողին մէջ իւր պատժապարտ ծառաները. մինչեւ իւր միածին որդին եւս ի գերեզման այցելելու ղրկեց. նա մահով քալեց իւր նախաhօր յանցանքը կրկին անգամ մեղապարտ ծառայն հողէն հանելով գրկեց վերբերեց տարաւ երկնից դրախտը։
Դրախտի տարաբախտ ընտանիքէն պէտք է օրինակ ու խրատ քաղենք նոր դրախտի որդիքներս, զգուշանանք չարանախանձ օձին հրապուրիչ թոյնէն. եթէ նա ջանաց, մահ մտոյց հին դրախտը ու մեր նախածնողքը մահացոյց , պիտի ջանայ նաեւ նոր դրախտի մէջ Ադամայ հաւատացեալ որդիքները երկնից դրախտէն հանել։ Հոն տեսանք. որ բարեխնամն Աստուած թէպէտ մեծագորով, այլ արդարութիւնը ի գործ դնելով չխնայեց երբեք իւր նոր ձեռատունկներուն, զոր վաղ խամրացոյց խորամանկ օձին շունչ։
Արժան է խելմատիլ անցելոյն աղէտներով, դիտել ու տեսնալ նենգաւոր օձին դարանամուտ հետքերը, թէ նա ինչպէս կը շրջի ու կը սողայ մեր մէջ. նա աշխարհիս չար մշակն է, որոմնացան թշնամին, նա ատելութիւն կը սերմանէ, նա միութիւն կերկպառակէ, ու վեր ի վար կը խռովէ ընտանեկան կեանքը։ Բայց հզօր մանուկն Յիսուս բռնեց եւ կապեց յաւիտենական շղթայով այդ մահաշունչ վիշապը, եւ խրախոյս կարդաց Եկեղեցւոյն ընտանեաց, որ զօրանան, քաջալերուին, կոխեն ու ջախջախեն նորա գլուխը, որ դրախտի օրէն սկսեալ դարանակալ օձը թշնամի դարձաւ մարդոյն, ու միշտ կսպասէ հարկանել նորա գարշապարը եւ թունաւորել մարդոյն կեանք։
Բ.
ԴՐԱԽՏԻ ԸՆՏԱՆԻՔ
ԱՐՏԱՔՈՅ ԴՐԱԽՏԻՆ
ՍՈՒՐԲ ԳՒՐՔԸ կը պատմէ թէ՝ երբ Տէր Աստուած դրախտի յանցաւոր ընտանիքը ղրկելով անմահ եւ ազատ վիճակէն, դուրս վարեց Եդեմի դռնէն ու դրաւ զիրենք յանդիման դրախտին.