Jump to content

Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/192

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

նորա անունը Մարիամ է, եւ նա միայն պիտի լուծէ քո վրէժը քո թշնամի ոխերիմ օձէն»։

Դրախտի ժառանգորդները թէպէտ զրկուեցան հայրենի անփուշ կեանքէն. բայց իրենց անկապտելի ժառանգութիւնն էր այն օրհնութիւնը, որով Աստուած օրհնեց իրենց ամուսնական պսակը թէ «Աճեցէք... ու լցէք երկիրը»։ Ուստի առաջին երկունքն սկսեց նախամօր Եւային, անդրանիկ որդի ծնաւ Կայէնն. եւ հետզհետէ նահապետական առաջին ընտանիքը կազմեց Ադամայ տուն՝ ուրիշ շատ զաւակները ծնելով։

Ադամայ տունկն եւ ընտանիքէն տարածելով բարգաւաճեցան բոլոր աշխարհիս սերունդը, եւ մի ընտանիք՝ բովանդակ երկրագունդը այլ եւ այլ ազգերով լցուց ու զարդարեց:

Չարկամ թշնամին բանսարկու օձը, մարդն ուր երթար՝ նա ետեւէն կը սողար, դրախտէն ելաւ, Ադամայ տունը մտաւ, եւ իւր բնածին չարութեան նպատակն էր խաղաղ ընտանիքը խռովել, նախանձ եւ ատելութիւն փչել նոցա սիրտը՝ թէ հնար լինէր. նա կը կամէր ամբողջ Ադամայ տուն եւ ընտանիքը կռուով սպանութեամբ սպառել: Սա թոյն թափեց նախ Կայենի ոխակալ սիրտը՝ հարազատը հարազատին դէմը զինեց, նախաձեռն սպաննութեան ոճիրը. առաջին ընտանեկան սուգ, առաջին մահն ու գերեզման, առաջին անգամ մտոյց Ադամայ տունը: Մեր նախածնողք կոծելով լացին, անմեղ Աբելին վերայ, իրենց ձեռքով փորեցին դժոխքիէն փոսը, ու իրենց աչքով տեսան առաջին նուագ չարաշուք մահուան սեւ դէմքը եւ գերեզմանին սոսկալի ստուերը։

Լացին միանգամայն Կայէնի ապիրատութեան վերայ մինչեւ Ղամեքայ նետը Աբելի անպարտ մահուան վրէժ լուծեց:

Ադամայ տուն եւ ընտանիքը անմխիթար սրտով ու սգով կանցնէին դառնաբեր օրերը, մինչեւ ծնաւ մխիթարութեան որդին Սէթ նահապետը, որ իսկական նախատիպար էր Աստուածորդւոյն. եւ ինչպէս Սեթայ սերունդը Աստուծոյ որդիք կոչուեցան, Քրիստոս եւս իւր հաւատացեալ որդիքները այդ բարձր անունով կոչեց։ Աստանօր նկատել արժան է Կայենի տան ընտանիք եւ Սեթայ տան ընտանիքը։ Երկիւղած եւ աստուածապաշտ Սէթը իւր սերնդոց առաքինութեան օրինակ եւ դաստիարակ կը հանդիսանայ. իսկ Կայէն, ագահ ինքնասէր ու վայրագ մշակը՝ չարութիւնը կը սերմանէ ընտանեկան անդաստանին մէջ, մեծամեծ հսկաները կը բուսնին, որք աճելով զօրանալով, հեղ-