Jump to content

Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/193

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ձուցին Սէթ նահապետի բարերոյս ծաղիկները. եւ նորա ընտանեկան անխառն անդաստանը՝ խառնագնաց անառակութեամբ ապականեցին։ Աստուծոյ որդիքները խնամութեան խառնուելով Մարդկան որդւոց հետը՝ գայթակղութեան չարութիւնը զբարին յաղթահարեց. որով այս երկու սերնդոց խառնածնունդ զաւակները միահամուռ մոլորեցան Աստուածապաշտ նահապետաց ուղիղ ճանապարհէն։

Սեթայ ել Կայենի ցեղերուն այս նշանաւոր դէպքը ճշգրիտ ու անվրէպ օրինակ կընծայէ մեզ՝ չարերուն հետը չնտանենալ, եւ ոչ իսկ խնամութեամբ ազգակցութիւն կապել։ Չարերը միշտ մարդկային ընկերութեան գայթակղութիւն են, եւ միշտ կան ու կուգան մեր կենաց ճանապարհին վրայ. յորմէ խուսափիլ անկարելի է. զի ասաց քրիստոս. «Ոչ է մարթ չգալ գայթակղութեան»։ Ուստի ամենայն խնամով զգուշանալ պէտք է, մանաւանդ ընտանեկան կապակցութեան մէջ։ Մովսէս Աստուածախօս օրէնքներով պատուէր կուտար Իսրայէլի որդիներուն չխառնակել հեթանոսաց հետը. նոյնպէս եւ Յիսուս իւր Աւետարանով անդադար կը քարոզէ Եկեղեցւոյ որդւոց զգուշանալ չարերու գայթակղութենէն։

Աստուած երբեմն չարերու մէջէն եւս բարին կը հրաշագործէ, եւ նա է, որ կը հանէ պատուականն յանարգէն. վասն զի Սեթայ ցեղի մոլորուած զաւակներէն Ենովս նահապետ իբրեւ բարի շառաւիղ կը հանդիսանայ Սէթ նախահօր Աստուածպաշտութեան արմատին վերայ, եւ մինչդեռ նախադարուն զեղծեալ մարդիկ Աստուծոյ տեսչութենէն յուսահատեալ անտէրունչ եւ առանց օրինաց կը շրջէին՝ օրըստօրէ վատթարանալով ամբարիշտ գործոց մէջ, Ենովս միայն յուսացաւ կոչել զԱստուած, ինչպէս կը վկայէ Սուրբ գիրք։ Մարդիկ իրենց թանձր մոլութեան մէջ մոռցէր էին Աստուծոյ սուրբ անունը եւ նորա արարչական խնամք՝ երբ տակաւին ողջ էին Ադամ, Սէթ եւ Ենովս նահապետները. որք իբրեւ կենդանի քարոզ եւ օրինակ բաւական չեղան Աստուածպաշտութեան յիշատակը անմոռաց պահել ընտանեկան կեանքին մէջ։ Շատ զարմանք է որ Սուրբ գիրքը առանց յիշատակութեան անցած է եւ բնաւ չի յիշեր կնոջ մի անունը, որ երկիւղած բարեպաշտութեամբ հանդիսացած լինէր նա ընտանեկան կեանքին մէջ ինչպէս Աստուածահաճոյ նահապետներ։

Ենովսէն յետոյ չնաշխարհիկ առաքինութեամբ բարձրացաւ