ղել, թէ այդ երկու դասն Աստուածահաճոյ առաքինիքը դարձեալ մի եւ Նոյն ամուսնական ծառի բարի պտուղներն են, քանի որ աշխարհ կայ՝ միշտ պէտք է կանաչազարդ մնայ այդ ծառը, զի Աստուծոյ օրհնեալ ձեռաց տունկն է. նորա սահմանադիր օրէնք եւ օրհնութիւն կը դարմանեն զայն, շարունակ աճելով իւր ընտանեկան ճիւղեըը արձակելով միշտ բազմապատիկ պտղաբերէ թէ աշխարհիս եւ թէ երկնից արքայութեան համար։
Սակայն թէ հեթանոսութեան եւ թէ Քրիստոնէութեան այլ եւ այլ դարերու մէջ այնպիսի չարածնունդ աղանդաւորները եկան աշխարհ, գրեցին ու քարոզեցին. յորոց ոմանք Շնական փիլիսոփայութեամբ ուզեցին հանել մարդոց անձէն ամօթոյ ու պատկառանաց հանդերձը, ու թող տալ, որ նա չամաչէ աշխարհի հրապարակի մէջ, արեւու առաջ անասնոց նման խառնագնաց լինելով, ծաղր ու ծանակ առնելով եւ քամահրելով սուրբ ամուսնութեան եւ մարդուն բանաւորութեան պատիւը։
Ոմանք եւս ծայրայեղ մոլեռանդութեամբ վարդապետերին թէ նոյն իսկ ամուսնական կեանքը չար անառակութիւն է, եւ լաւ է որ մարդիկ հրաժարին ամուսնութենէն, կիներէն խորշին իբրել չար արարածներէ, Դիոգինէսի նման անինչ, անտուն, անընտանի կարասաբնակ լինին այր մարդիկ՝ խոտելով միանգամայն մարդկային բանաւոր կեանքն եւ ընկերութիւնը։ Այսպիսի անլուր, այլանդակ եւ անօրինակ հայհոյութիւն մտաբերեցին այդ մոլորամիտ մարդիկը, եղծելով նաեւ մարդոյն սիրտն, զգացումն, բնական սէրն եւ բանաւորութեան լոյսն։
Իսկ Քրիստոնէական կրօն եւ եկեղեցին նզովիւք կը հերքէ այդպիսի աղանդաւորաց մոլորութեան հոգին ու վարդապետութիւնը։ Եւ Յիսուս երկնից վարդապետը Մովսէսէն առաւել կը նուիրագործէ սուրբ ամուսնութեան անեղծ իրաւունքն. բազմակնութիւն բոլորովին ջնջելով, եկեղեցւոյ նոր դրախտով հին դրախտ կը վերանորոգէ, մի Ադամին համար՝ միայն մի Եւայ բաւ համարելով։
Ուստի իբրեւ եկեղեցւոյ իշխանութեան ճշմարիտ եւ հարազատ հպատակ պարտաւոր են եկեղեցւոյ օրինաց թէ նախանձաւոր հայրերն եւ հովիւները եւ թէ Աստուծոյ տան ընտանեաց ճշմարիտ զաւակները ամենայն պատկառանօք պահել սուրբ ամուսնութեան օրէնք եւ իրաւունքը, արթուն աչքով հսկել այդ