ոչ Պօղոս եւ ոչ եկեղեցին բացարձակ վճիռ կուտան որ մարդիկը անժխտելի օրէնքով պէտք է ամուսնանան առանց երբէք բացառութեան, եւ կամ կուսական կեանք վարեն առանց երբէք ամուսնութեան։ Եթէ այսպէս լինէր, ամէն մարդ Պօղոսին հետեւէր, եկեղեցին ամուլ ել անծնունդ մնալով՝ վաղ ուրեմն սպառած էին իւր որդիքները, եւ կամ թէ Պօղոսի նման կամաւ ներքինիք եւ Աւետարանին անձնուէր պաշտօնեայք չը լինէին, ո՜վ կաւետարանէր անմախազ, անցուպ այն բարբարոս հեթանսսաց մէջ, ո՞վ կը շինէր քրիստոսի եկեղեցին, եւ ո՞վ կը թափէր արիւն հաւատոյ վկայութեան համար։ Մեք չենք ժխտեր թէ շատ ամուսնաւորք եւս առաքինացան այդ ասպարէզին մէջ, բայց Աւետարանի խաչակրաց խմբին գերազանցութիւն միշտ անհամեմատ է։
Ուրեմն յայտ է եւ պէտք է խոստովանիմք, որ մարդոյն երկու վիճակի կեանքն եւս իւր ազատ ընտրութեան ու կամաց թողուած է, իւրաքանչիւր մարդ իւր առանձին շնորհն ունի, ոմն այսպէս եւ ոմն այնպէս։ Քանզի եկեղեցւոյ դրախտի ծաղիկները մշակող հայրն՝ զանազան տնկեր է, եւ իւրաքանչիւրն՝ իրենց վայելուչ տեսքն եւ անուշ հոտն ունին։ Թէեւ Աւետարանի ազատ մշակները իրաւունք ունենան պարծենալ թէ իրենք առաւել վաստակեցին եւ կը վաստակեն, այլ ոչ երբէք իրաւունք ունին նոքա փարիսեցւոց աչքով նայել ամուսնական կեանքին վերայ, եւ այնպէս դատել որպէս թէ այդ կեանքը մեծ եւ հաճոյական չէ երկնից առաջ։ Սուրբ Գիրք եւ եկեղեցւոյ պատմութիւն ամուսնաւոր եւ չամուսնաւոր մարդոց նկարագիրը միանգամայն կը հանէ մեր առաջը, որուն վերայ եթէ մարդ ողջամիտ աչքով նայի, կը տեսնայ որ երկու դասի մէջն եւս առաքինեաց հանդէպ սքանչելի եւ հաճոյ է երկնից առաջը։ Աբրահամ իւր ընտանեկան վրանին տակ, աղօթաւորն Անտոն իւր խցին մէջ։ Ենովք եւ Եղիաս կենդանւոյն կարժանանան երկնից դրախտին, մին ընտանեաց Հայր եւ Նահապետ, եւ միւսն իբրեւ կոյս մարգարէ եւ այր Աստուծոյ։ Մեծ է Յովհաննէս Մկրտիչ կանանցածին ծննդոց մէջ, այլ ո՛վ է երկնից արքայութեան այն փոքրիկ հաւատացեալ արդարն զորս Յիսուս տեսնելով մեծ կը համարի, եւ մեր աչքէն կը վրիպի իբրեւ աննշան եւ փոքրիկ, չգիտենք նա կո՞յր է թէ ամուսնացեալ։
Ուստի կը պարտաւորիմք մեր կեղակարծ դատաստանը ուղ-