ճիւղերը բաժանուելով նոր նոր ընտանիքներ կազմեն։ Ինչպէս Եւրոպիոյ քաղաքակիրթ աշխարհ աւելի բարւոք դատած է. որ չափահաս զաւակները բաժանուելով ուրիշ ընտանիքները կազմեն։ Այլ այս դրութիւնը միայն յարմար եւ օգտակար է այն ազգաց ու քաղաքացի ժողովրդոց, ուր դաստիարակութիւնն յառաջ գնացած է. եւ ուր բաժանեալ զաւկները հայրենի տնէն միայն ստացուածոց ժառանգութեան բաժին առնելույթ դուրս չեն ելնէր, այլ եւ միանգամայն գիտութիւն, ապրուստ եւ դաստիարակութիւն. որոց ժառանգութիւնը՝ առաւել անկորուստ եւ մեծայարգի է։
Իսկ մեր հայրենի աշխարհին եւ նոյնիսկ գաղթական Հայոց համար ընտանեկան անդէպ բաժանումն միշտ վնասակար է. մանաւանդ երկրագործ ժողովրդոց համար, որոց ուժ՝ արդիւնքը՝ ընտանեկան միութեան ու միաբան աշխատութեան մէջն է, եթէ բաժանուին՝ միացեալ զօրութիւնը կը ջլատի եւ իսպառ ուժաթափ կը լինին։ Ընտանեկան նահապետները միութեան հրաշքը՝ Նոյայ դարէն ի վեր փորձառութեամբ ճանչցած են։ Ուստի այդ առաքինի տան ծերունիք իրենց մահուան օրը վերջին կտակը միշտ այս կաւանդեն ողջ ընտանեաց. որ նոքա սիրով ապրին, միաբան կենան, եւ շրաժնուին, շէն տուն չաւրեն։ Թերեւս փորձառութեան հետ Աւետարանէն եւս սորված են այդ միութեան բարձրագոյն դաս, թէ «Ամենայն թագաւորութիւն բաժանեալ յանձն՝ կործանի, եւ տուն բաժանեալ յանձն աւերի»։
Թողունք արտաքին պատճառները, որ պատահար են, ի՞նչ է արդեօք ներքին պատճառը, որ կը խռովէ տունը եւ ընտանիքը կը բաժանէ. այդ ինքնին յայտնի է՝ ատելութիւն, նախանձ ու վայելմանը անհաւասարութիւն, խստութիւն, աչառութիւն, անհաւատարմութիւն, անվստահութիւն. ի վերջոյ մեծերու անխոհեմ ու յոռի ընթացք եւ փոքրերու ստահակութիւն եւ այլն։ Այս եւ սոյնպիսի առիթներով կը խռովի տունը, եւ կը բաժնուին զաւակներ ծնողքէն, եղբայր եղբօրմէն եւ մերթ եւս երկու ամուսինք իրարմէ:
Արդեօք ի՞նչ է հնար եւ դարման, որ ապրին եւ վարին միշտ սիրակապ միութեան եւ խաղաղութեան մէջ։ Նոր աշխարհ կուսուցանէ որ դորա միակ դարման է՝ մարդոց կատարեալ կրթութիւն տալ. չէ թէ միակողմանի կրթութիւնը, այսինքն մարդոյն կէսը կրթել, կէս մասին լոյո տալ, եւ նոքա միւս կէս