Jump to content

Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/211

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

մասն թողուլ կոյր, խեղճ, ստրուկ եւ ապուշ։ Իմացնել կուզեմ մարդոց երկու սեռին առանց խտրութեան կրթութիւն տալ իւրաքանչիւրին իւր կոչման պատշաճ, որպէսզի ընտանեաց մէն մի անդամը, իւր իրաւունք, իւր պարտիքը ճանչնայ, իրարու խօսքը հասկնան, միաբան խորհին, միաբան ընթանան առանց կաղալոյ. այր կամ կին, ծնողք կամ զաւակները, հարսն կամ սկեսուրն։

Այսպէս երբ նոր աշխարհի մէջ հաւասար կրթութիւն պէտք է ընտանեկան միութիւնը պահելու համար. մարդ կը զարմանայ թէ, հապա ի՞նչ բան էր եւ ի՞նչ զօրութիւն, որ հին աշխարհի նահապետական կեանքի մէջ անխզելի կը պահէր ընտանեկան միութեան կապը։

Զարմանալ պէտք չէ, այդ միութիւնը պահելու համար, բաւական էր տան կառավար նահապետին հայրական պատկառանք, մեծ տանտիկնոջ ժրագործ տնտեսութիւնն, զաւակաց ակնածութիւն եւ մեծարանք առ ծնողս, հարսներաց հլու հնազանդութիւն, եւ քան զամէն աւելի՝ կրօնի երկիւղածութիւն եւ աստուածպաշտութեան հաւատքը։

Այս կամայական եւ ազատ առաքինութիւնք նահապետական ընտանեաց համար իբրեւ բնական օրէնք եւ նախնական վարոյց բարի ժառանգութիւն համարուած էր, որ աւանդաբար յորդւոց յորդիս կը ձգէր ու միշտ ջանային անեղծ եւ անարատ պահել. որոց մնացորդ նշխարները դեռ հայկական աշխարհին մէջ կերեւին. մանաւանդ հողագործ ժողովրդոց մէջ։

Սակայն աշխարհ եւ ժամանակը ամէն բանը կը յեղաշրջեն. արեւմտեան նոր քաղաքակրթութեան կեանքը դէպ արեւելք կուցայ հեղեղի պէս. Կոստանդնուպոլսոյ եւ ծովեզերեայ քաղաքաց ընտանեկան հին կեանքը ողողեց. ո՛վ կարող է թումբ քաշել այս հեղեղին դէմը. անշուշտ այս հեղեղը պիտի երթայ հասնի մինչեւ Մասեաց ոտն՝ Նոյին գերդաստանը եւս ողողելով պիտի քշէ հետ տանի առ հասարակ բոլոր ազգերու հին կեանքը։ Երանի՜ թէ մեր կեանքի միայն յոռի մասն տանէր, ոչ, պարզ եւ ուղիղն եւս ի միասին կը տանի. շատ քաջ է այն ազգ եւ ընտանիքը, որ յոռին կը թողու եւ իւր նախնական կեանքին լաւ եւ ուղիղ մասն պինդ կը բռնէ։ Նկատել արժան է, որ արեւմտեան քաղաքակրթութեան այս հեղեղին ջուրը շատ խառնուրդ ու պղտոր է. չարն ու բարին, լոյսն ու խաւար, անկրօն