պէտք է համոզուիմք թէ չքաւորութիւն միշտ խափանարար է ամուսնութեան. վասն զի շքաւոր ընտանիքները թէեւ սիրեն ու բաղձան ամուսնութեան, այլ կարող չեն բարգաւաճել կամ ամուսնութիւնը արգասաւորել։ Փորձառապես կը տեսնամք ահա մեր հայրենեաց ժողովուրդի կեանքին վերայ. որոց չքաւորութիւն ու տառապանքը միանգամայն խափանարար եղեր են ամուսնութեան եւ բարգաւաճման։ Ա՜հ, թէ որ հաց չը լինի՝ մայրերը անօթի կը մնան, եւ երբ մայրերը անօթի մնան, նորածին մանուկներու կաթ կը ցամքի։ Երանի թէ այս լինէր միայն չքաւորութեան արկածն. թող աղքատութիւն տառապէր զիրենք, միայն թէ երկու ամուսինը իրարու հետ անբաժան ապրէին։ Ոչ, չքաւորութիւն չի խնայէր, նորապսակ ամուսիններն անգում քաղցր հայրենիքէ, սիրոյ գիրկերէն հանելով ի պանդխտութիւն կը վարէ. այսօր քսան հազարէն աւելի մեր հայրենեաց պանդուխտ զաւակները կը տառապին մայրաքաղաքիս մէջ, հինգ, տասն, տասնեւհինգ եւ մինչեւ քսան երեսուն տարի օտարութեան մէջ տառապելով՝ որոց շատերն եւս հայրենի հողէն եւ իրենց նախնեաց գերեզմանէն զրկուելով՝ օտար երկրին ու հողին տակ կը թաղուին. ով կը տնկէ նոցա վերա մի խաչքար եւ կը գրէ նոցա յիշատակը։ Եթէ ստուգիւ վիճակագրեմք Հայոց ժողովուրդին այս պանդխտութեան չարչարանաց վիճակը, շատ ողբալի է. վասն զի տիրապետող չքաւորութենէն կը սպառին ու կը չքանան ընտանիքը ու հետեւապէս կը նուաղի Հայոց հին ու բազմաճոխ ազգը։
Չքաւորութեան հետ մեծապէս խափանարար են ամուսնութեան ու բարգաւաճման նաեւ երկրին հանգամանքներ թէ բնական եւ թէ պատահական. այսինքն հող, ջուր, օդ, ժողովուրդին բարոյական եւ նիւթական կեանք, եւ այլն։ Սոսկ հաւատալով չենք խօսիր, ահաւասիկ կը տեսնամք, որ գիտութիւն եւ քաղաքավարութիւնը մարդոց ընտանեկան կեանքը կը բարւոքէ. ժողովուրդին զաւակները օր ըստ օրէ կը բազմապատկին. ամէն տարի Եւրոպիոյ ամէն ազգերէն հարիւր հազար ընտանիքները գաղթական կերթան դէպ յԱմերիկա։ Իսկ Ասիական աշխարհը կը թափուրանայ ժողովուրդէն. պէտք չէ երբէք զարմանանք ու հետազօտենք, քանզի սորա պատճառները խիստ յայտնի են։ Աշխարհ, որոյ ժողովուրդը դեռ տգէտ է, անուս է, անարուեստ է, կեանք՝ իւր հնութեան մէջն է, յառաջդիմութեան տարերք