մասամբ մայրաքաղաքիս մէջ կը բնակին։ Այս կարեւոր կէտն իբրեւ վիճակագրական խնդիր պէտք է ուշադրութեամբ առնումք։
Պատմութիւն կաւանդէ թէ Կոստանդնուպոլսոյ գաղթական Հայոց թուականը Յովակիմ Պատրիարքին օրէն կսկսի. որ հինգ հարիւր տարուան գրեթէ կը մօտենայ։ Այս միջոցը հինգ դար է ամբողջ. Կայսերական քաղաքին մէջ բնակող Հայոց աճումն մինչեւ ո՞ւր հասած է։ Ես այնպէս կը կարծեմ տասն եւ հինգ կամ շատ շատ աւելի քսան հազար ընտանիք, հազիւ կը կազմեն, որ պէտք էր կրկնապատիկէն եւս աւելի լինէր։ Եւ ի՞նչ է այս նուազական թուոյն պատճառը. պատճառներ շատ ու բազմադիմի են, թէ անցելոյն եւ թէ ներկայ ժամանակիս մէջ։
Եթէ պատմութեան միտ դնենք, Պօլսոյ գաղթական Հայոց անցեալ կեանքը ոչինչ տարբերութիւն չունէր բուն հայրենեաց ժողովուրդի կեանքէն. որովհետեւ ասոնք եւս միշտ քաղաքական փոփոխութեանց ենթարկուելով բարւոք վիճակ չունեցան եւ իրենց ընտանեկան կեանքն առանց բարգաւաճելոյ մնաց։
Ներկայ ժամանակիս մէջ թէպէտ հին խափանարար առիթները վերջացած են, սակայն նոր աշխարհը ուրիշ խափանարար առիթներ հանեց երեւան, որքան զհինն դառն ու դժուարին է։ Եւ ի՞նչ է այս, դարձեալ կրկնեմ քեզ, ընթերցող, պերճանք եւ զեղխութիւնն է, որ իւր անողոք արշաւանքներով քանդեց եւ դեռ պիտի քանդէ գաղթական Հայոց տուն եւ ընտանիք: Երբ պերճանք եւ զեղխութիւն կը քանդեն, հապա ի՞նչ բան կարող է շինել եւ վերջացնել միանգամայն այդ խափանարար պատճառները. եւ բուժիչ դարմանն ի՞նչ է այս աղէտալի հիւանդութեանն։ Շատ խօսեցայ եւ դարձեալ նոյն կը կրկնեմ, դորա զօրաւոր դարմանն է միայն, որ խելաբերելով զգաստանան գաղթական Հայոց ընտանիքը։ Իսկ եթէ տակաւին ծերոց խրատները քամահրեն, բարոյախօս դաստիարակաց խօսքերուն չհամոզուին, տնտեսագիտաց հաշիւները մերժեն, եւ շարունակեն իրենց կորստեան ճանապարհ, այնուհետեւ այլ եւս ոչինչ դարման կայ զիրենք ուղղելու. բայց միայն ապագայի թշուառաբեր օրերը. յորում նոքա պիտի վաղվաղեն դէպի զգաստութիւն, յիշելով Դաւիթին խօսքը. թէ «Յաճախեսցին հիւանդութիւնք նոցա, ապա վաղվաղեսցին»։ Դաւիթ Յակովբայ տան եւ նորա յամառ ընտանեաց համար խօսեր է այս բանը. իսկ կատարումն