Ռեբեկային վերայ. զի երբ հարսնախօս ծառան Աբրահամ ու Եղիազար կը պնդէր առանց յապաղելոյ հետեւեալ օրը Ռեբեկայն առնելով ճամբայ ելնէ, հարսին ծնողք եւ եղբայր Լաբայն աղաչեցին զինքն որ կոյսն Ռեբեկայն այլեւս տասն օր մնայ իւր հօր տունը. եւ երբ չկարացին համոզել զինքն՝ պատճառեցին Ռեբեկայէն եւս հարցնել թէ կը յօժարի՝ երթալ. թերեւս այնպէս կարծեցին նոքա որ կոյսն առաւել ընտրէ ծնողական սէր քան փեսային անձկութիւնը։ Եւ երբ կանչելով կը հարցնեն թէ երթա՞ս, պատկառոտ կոյսն իսկոյն կը պատասխանէ, այո կէրթամ. եւ իսկոյն ծնողք զի ջանելով կուղեւորեն զիրենք։ Այս՛ հարսնախօսութեան դէպքը իմաստասիրել կուտայ մեզ թէ նահապետական դարուն մէջ կինը որչա՞փ ազատէր. կնոջ ազատութիւնը շատ հին իրաւունք է. Եւրոպիոյ իրաւագիտութիւնը զայն նոր չի հնարեց, այլ միայն վերանորոգեց։
Բայց կարող չենք ժխտել թէ ծնողքն եւս մեծ իրաւունք ունին այս պարագային մէջ. իբրեւ հայր ու մայր, իբրեւ փորձառուք եւ խելահաս։ Վասն զի բազում անգամ տեսնուած է. անցելոյն եւ ներկային մէջ շատ ապացոյցներ կան, որ թէ փեսացու երիտասարդն եւ թէ կոյսն յուով անգամ կը վրիպին իրենց ազատակամ ու եռանդավառ ընտրութեան մէջ: Իսկ ծնողաց ընտրութիւնը դուն ուրեք կը սխալի եւ սորա պատճառը խիստ պարզ է. վասն զի թէ երիտասարդն եւ թէ կոյսն գրեթէ միշտ կրից բերմամբ եւ բուռն սիրոյ զգացումով կը տեսնան ու կը հաւանին եւ շատ անգամ աչքը կը դիւթէ զիրենք: Իսկ ծնողջ ծանր խորհրդով ընդ երկար հետազօտութեամբ հազիւ ուրեմն կը հաւանին եւ կընտրեն։ Այլ ես կը խօսիմ այնպիսի ծնողաց համար, որ արդարեւ ընտանեաց գլուխ բարի հայր եւ բարի մայր հանդիսացած են, եւ որ արթուն եւ աչալուրջ են, գիտեն լաւապէս որոշել իրենց զաւակաց ամուսնութեան բախտն։ Բայց շատ մեղադրանաց արժանի են այն ծնողք, որ կամ աչալուրջ եւ խոհական ընտրութիւն չունին եւ կամ այլ եւ այլ շահու եւ գաղտնի հանգամանքներէ ստիպեալ իրենց զաւակները նոյն իսկ իրենց ձեռքով զոհ կուտան անյարմար ամուսնութեամբ չխնայելով եւ չնախատեսելով ապագայ ընտանեկան աղէտն։
Ամուսնական ընտրութեան մէջ առաջին զգուշաւոր պայմանն է, որ առանց արենակցութեան լինի ինչպէս օրինադրած է Աստուածային օրէնքը եւ Եկեղեցւոյ հարց կանոնական սահ-