Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/226

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

նաւոր գինը՝ միայն փեսային բարոյական արժանիք եւ սէրն է եւ ոչ թէ ուրիշ նիւթական վճարք։

Կարգ եկաւ, չի մոռնանք. խօսինք նաեւ Պոլսոյ եւ ուրիշ քաղաքաց ընտանեկան այս նորամուտ, օտար ուսումին եւ վատթար սովորութեան վերայ, որոյ սակարկութեան եղանակն առաւել պարսաւելի է։ Վասն զի անդ երբ գաւառացի գիւղական ընտանիքը հարսնախօսութեան մէջ իրենց աղջիկները ի վաճառ կը հանեն, աստ քաղաքակրթութեան մէջ բնակող ընտանիքը՝ երիտասարդները ի վաճառ կը հանեն։ Ձեզ հրաւէր կը կարդամ ազգի դատաւորներ, դատեցէք ու վճռեցէք, այս երկու վաճառահանութեան եղանակէն ո՞րն է առաւել վատթարագոյն. երկուքն եւս հավասար ստրկութիւն չէ՞։ Սակայն շինական ընտանիքը, ուր ռամկավարութեամբ հանդերձ թերեւս արդարանայ քաղաքակրթութեան առաջ, որ կնոջ պատիւ եւ արժանաւորութիւնը բարձրացոյց. գուցէ բնապէս զգալով այս գիւղացի ժողովուրդը թանկագին վաճառել կուզէ զայն։ Իսկ մեր քաղաքակիրթ ընտանիքը երբ երիտասարդները ի վաճառ կը հանեն ի՞նչ միտք ու նպատակ ունին. արդեօք այնպէս կը համարին թէ այր մարդ առաւել բարձր ու թանկագի՞ն է, յառաջ բերելով այն բանը՝ թէ Պօղոս գնահատեր է. այր մարդը՝ գլուխ կնոջ անուանելով, անշուշտ գլխոյն պատուականութիւն բարձր է. պէտք է մեծագնի վաճառել։ Երանի՜ թէ այդպէս լինէր, այր մարդիկ ճանչնային իրենց նախապատւութեան պարտիքը, ճանչնային ամուսնական սիրոյն անգին արժանաւորութիւնը եւ զայն չփոխէին նիւթական դրամին եւ ընչից հետը։

Այլ գիտեմ ես, ձեր նպատակն այդ չէ, ով դուք շահավաճառ ընտանիքը, կաղաչեմ մի զայրանաք, թէ այս անունով կը կոչեմ ըձեզ. շահագիտութիւն հրապարակի վաճառանոցէն ելաւ եւ ձեր սիրտը մտաւ, ամուսնական սէրը մեռցուց, ամուսնութիւնը առեւտուրի փոխեց, դուք օրիորդին չափազանց օժիտներով կամ սակարկեալ գումարով եւ այսպիսի անարգ ու նուաստ միջոցներով կուզէք ձեր որդւոց ապագայ կեանք պատրաստել։ Մեր իմաստուն նախահայրը միայն մի անօժիտ կին բաւ համարեց իբրեւ իւր կենակից ընկեր եւ զայն բարոյական կեանք կոչեց։ Դուք Աստուծոյ այս պարգեւած կեանքը շատ չհամարելով՝ կուզէք որ կնոջ բերած նիւթական կեանքո՞վ ապրիք, կուզէք որ կինը իւր հաց, իւր հանդերձը, իւր հայրենի