Jump to content

Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/228

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

բառնալով կըսէք, թէ մենք հարսնցու օրիորդներէն որչափ հարստութիւն պահանջեմք, այդ դարձեալ նոցա տարապայման պճնասիրութեան համար է, այլ քննենք արդ թէ պճնասիրութիւնն եւս որո՞ց համար է։ Փաստաբանող կիները քաջ պատասխան կու տան, թէ մեր պճնասիրութեան պատճառը՝ միայն մեր վայելչասէր բնաւորութիւն կամ խաբուսիկ նորասիրութիւն չէ, ինչպէս կը կարծուի, այլ առաւել այր մարդոց աչքին հաճոյասիրութեան կերպերով հաճոյանալ։

Ուրեմն յայտ է թէ դուք եւս հրապուրուած էք եւ իրօք կը սէրէք պճնասիրութեան կերպերով հաճոյանալ։

Ուրեմն յայտ է թէ դուք եւս հրապուրուած էք եւ իրօք կը սիրէք պճնասիրութեան ցոյցերը, միթէ կիներն ապո՞ւշ են, փորձել չգիտե՞ն։ Ապա թէ ո՛չ իշխանութեան կշիռը ձեր ձեռքն է. չափ ու սահման դրէք, դուք այր մարդիկ էք, կնոջ տիրական գլուխ էք, հեղինակութիւն ունիք, հանճար ունիք, ուսեալ էք, կրթութեամբ կը պարծիք, շահավաճառութիւն, վաստակ, գանձ. տնտեսութիւն, ամէն բան ձեր կամաց ձեռքն է. աշխատեցէք, հասկցուցէք կնոջ որ պճնասիրութիւնը՝ ձեզ համար հաճելի չէ, հասկցուցէք թէ ունայնասիրութիւն է, կարճմտութիւն է, սնոտի մսխանք է, տնաւերութիւն է, վախճանը չքաւորութիւն է, եւ ի վերջոյ ընտանեկան բարեկեցիկ կեանքն ու երջանկութիւն կը բառնայ եւ այլն։

Հասկցուցէք նաեւ թէ կնոջ ճշմարիտ փառքն ու զարդն արտաքին փայլող ու մաշածոյ հանդերձին վերայ չի կայանար, այլ առաւել նորա ներքին ոգւոյ արտափայլող գեղեցկութեան վերայ, որ է համեստութիւն, անկեղծ ամուսնասիրութիւն, հաւատարմութիւն, երկիւղածութիւն, հնազանդութիւն, զաւակաց դաստիարակութիւն, տան տիկնութիւն և տնտեսող խնայութիւն, եւ այլն։ Ցոյց տուէք թէ առաքինի կնոջ նկարագիրն այս է, եւ իսկապէս այս է միայն նորա ճշմարիտ գեղեցկութեան փառքն, որ ոչ կեղծանի եւ ոչ ծաղկի նման կը թոռմի։

Իսկ եթէ տակաւին չհամոզուին կիները, դուք անպարտ էք, թողէք, ձեռնթափ եղիք թող նոքա ունայն զարդին ել զեղխութեան հետն ամուսնանան, որոո անձնատուր եղած են սրտով ու հոգւով։