Այլ դուք սպասեցէք, երիտասարդք Հայոց, ժամանակ բերաւ այս զեղխութեան օրերը, ժամանակ դարձեալ պիտի բերէ զգաստութեան օրերը, յորում դուք եւ կիները պիտի սթափիք առհասարակ այս նոր խելագարութենէն, եւ անագան ուրեմն պիտի ճանչնաք, ձեր անցելոյն յոռի ընթացքը եւ պիտի գիտնաք թէ ճշմարիտ ամուսնութեան պայմանը սէրն է, որ սերտ կը կապէ երկու ամուսնեաց սրտերը ի միութիւն, ադամանդ, ոսկի, եւ այլն հարստութիւնները կարող չեն պինդ պահել այդ սուրբ կապը, երբ դոքա սպառին՝ իսկոյն կը քանդուին այն ամէն կեղծեալ կապերը, որ կամ փեսային ճոխութիւն եւ կամ հարսին հարուստ օժիտները կը կապեն։ Ես տեսայ Հայոց Պատրիարքարանի դատարանին մէջ եւ կը վկայեմ այսօր թէ այդպիսի կապերը որչա՞փ դիւրախզելի են։ Վասն զի երբ ամուսնական սէրը՝ նիւթին վերայ հաստատուի, նիւթը կը սպառի, սէրը տեղի կուտայ իսկ երբ բնական պարզ եւ ճշմարիտ սիրոյ վերայ հաստատուի, մինչ ի գերեզման անշարժ կը մնայ միութեան շէնքը, եւ ոչ երբէք սպառելով կը չքաւորի սիրոյ հարստութիւնը։ Երջանիկ են այդ սիրով միաւորեալ ամուսինքը, որ իրենց ընտանեկան կենաց հիմն՝ միայն սիրոյ վիմին վերայ կը հաստատեն, իմաստութեամբ խորհելով՝ թէ այդ կենդանի սիրոյ հիմն է, որ կարող է միայն անկործանելի հաստատուն պահել ընտանեկան կեանքին երերուն շէնքը՝ աշխարհին հողմերուն եւ հեղեղներուն բաղխման առաջ։
Բաւ համարելով այսքան՝ կաւարտեմ հարսնախօսութեան ճառը, կը յորդորեմ զձեզ եւ կաղօթեմ ձեզ համար, երիտասարդը եւ կուսանք Հայոց, որ դուք զգաստութեամբ խորհիք, դառնայք ներկայ կորստեան ճանապարհէն, ի բաց թողուք արտաքին նիւթական կապերն. ճանչնաք ամուսնական սիրոյ բարձրը խորհուրդը. եւ միայն եկեղեցւոյ պատուիրանին համեմատ սուրբ սիրով կապուիք. զոր կամրապնդէ Աստուծոյ բանին հզօր ձեռքը, որով միայն կապեց դրախտի ընտանիքը։