Ը.
ՀԱՐՍԱՆԻՔ
ԵՒ
ԽՈՐՀՈՒՐԴ ՊՍԱԿԻՆ
ՀԱՐՍԱՆԻՔԸ՝ պսակի սուրբ խորհուրդին հրապարակական ու հանդիսաւոր արարողութիւնն է. եւ շատ վայելուչ է՝ թէ որ ասենք մարդոյն Նոր Կենար մուտն եւ տօնահանդէսն է, ուր կը համախմբին շնորհաւոր ուրախակցութեան համար, ազգականք, բարեկամք, ու դրացիք: Այս մարմնաւոր խմբին հետը կը խմբակցի Եկեղեցւոյ հոգեւոր խումբն, եւ իւր օրհնութիւն տալով կօրհնէ թագաւոր փեսային եւ թագուհի հարսին պսակը եւ Աստուածային օրհնութեամբ կը նուիրագործէ երկու ամուսնացելոց դաշնադրութիւնը, զոր ի մի մարմին զուգելով երկու լծակից ամուսինները՝ կը յայտարարէ թէ այսուհետեւ անբաժանելի են։ Միայն քահանային ձեռք չէ, որ կը կապէ զպսակն, այլ պէտք է հաւատալ թէ Աստուած դրախտին վճռով միացուց զիրենք, մարդ կարող չէ բաժնել մինչեւ ի մահ եւ գերեզման։ Այս խորհրդական դաշնագրին վերայ իբրեւ վկայ ձեռն կը դնեն Խաչն իւր թելով, Աւետարան իւր բանիւն, պաշտօնեայք օրհնութեամբ եւ սոցա հետ ժողովուրդը միաձայնելով կը գոչէ ամէն, եղիցի՛ եղիցի՛։
Դաւիթ իւր սաղմոսին երգը հարսին ականջ նուագելով կը հրաւիրէ զինքն ի տուն փեսային, «Լո՛ւր դուստր եւ տե՛ս, խոնարհեցո գունկն քո, մոռա զժողովուրդ քո եւ զտուն հօր քո, զի ցանկացաւ թագաւոր գեղոյ քո»։ Իսկ Սողոմոն իւր բարձրախորհուրդ երգով բարբառել կուտայ փեսային առ հարսն, «Ահաւասիկ կաս, գեղեցիկ մերձաւոր իմ, աչք քո աղաւնիք, բա՜ց ի լռութենէդ քումմէ»։
Եկեղեցին այսպէս աւարտելով պսակին մեծ խորհուրդը, այնուհետեւ ներելով կը թոյլատրէ որ հարսնելորք սկսին իրենց պարերգութիւն եւ թմբուկը։ Այդ եւս առանց նշանակութեան չէ, զոր վայելուչ կերպիւ կը բացատրէ Շնորհալի Սուրբ հայրապետ