դանի կը պահէ՝ նա միշտ կապրի եւ կենդանի կը մնայ. զի նորա կեանքը Հաջորդաբար իւր զաւակներն կը շարունակեն։
Խօսինք այժմ հարսանեաց ուրախութեան եղանակին եւ պայմանին վերայ։ Ճշմարիտ է, որ հարսանիքը ընտանեկան ուրախութեան մեծ օրն է. ո՞վ կարող է ասել, մի՞ ուտեր, մի խմեր, մի՛ երգեր, մի՛ պարեր, մի՛ զուարճանար, զի այդ ամէն հարսանեաց ուրախութեան կարեւոր պայմաններն են, միայն թէ չափով, կշռով եւ պարկեշտութեամբ լինին։
Երանի՜ թէ ծնողք, որ հարսանեաց կազմութեան հանդիսադիր են եւ հարսնեւորք, որ կամ ազգական եւ բարեկամ են առ հասարակ՝ լաւ ճանչնային հարսանեաց նշանակութիւն, պատիւ եւ նորա խորհրդական մեծութիւնը, որով թերեւս մեծ զգաստութեամբ զգուշանային անմեղ ուրախութեան հետը՝ մեղք չի խառնել։ Եւ դու գիտե՞ս, ընթերցող, թէ ի՞նչ է այս մեղք, որ հարսանեաց մէջ գիտես թէ մարդիկ սովորած են գործել եւ մեղք չի համարել։ Այս մեղքն է անչափաւորութիւնը ամէն վայելմանց մէջ, զեղխութիւն սեղանոյ, զեղխութիւն այլ եւ այլ հանդերձանաց, զեղխութիւն արբեցութեան. եւ այլ այսպիսի զեղծմունքները, յորոց շատ անգամ կռիւ կը ծնանի, եւ հարսանեաց տուն՝ սգոյ տուն կը դառնայ. մերթ եւս երկու խնամիներու նոր ընտանեկան ազգակցութեան կապը կը խզէ։ Արբեցութիւնը միայն կռիւ էի հաներ, այլ երբեմն եւս անհամեստ կերպեր եւ շարժմունքները յառաջ կը բերէ. զոր օրինակ անպարկեշտ խեղկատակութիւնք՝ ծաղրութեան համար. անվայել եւ լկտի խենեշանքները, որք առ հասարակ պարկեշտութիւն եւ պատկառանք սիրող ընտանեաց համար պէտք է զզուելի համարուին. եւ խորշին այդպիսի կատակերգու հարսնեւորներէն. որ հարսանեաց պատիւ եւ ընտանեկան ուրախակցութիւնը՝ խաղ կը համարին. քաղաքավարութեան, վայելչութեան շնորհը կարհամարհեն, եւ միանգամայն գայթակղութիւն կը լինին պարկեշտ ընտանեաց եւ իրենց մատաղ զաւկներուն. որք բնապէս ծաղր կը սիրեն եւ միշտ հակամէտ են կատակով զբօսնուլ։ Յոռի խեղկատակութիւնը միայն տղայոց համար հաճոյական խաղ կամ զբօսանք չէ. այլ առաւել տղայամիտ մարդկանց, որոց ճշգրիտ օրինակը կը տեսնուի թատրոններու մէջ. երբ ի վերջոյ զաւեշտական խաղ մի կսկսի, ինչպէ՞ս ամէնքն ի միասին ծաղր կարձակեն: Զարմանալ պէտք չէ. զի մարդիկ յաւէտ ծաղրի եւ կատակի կեանք