Jump to content

Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/233

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

կը սիրեն քան թէ լուրջ, ծանր եւ զգաստ կեանք։ Չմեղադրենք ժողովրդական ընտանիքը, թէ ոմանք իրենց հարսանեաց ուրախութեան օրը միայն դիպուածով այդ խեղկատակութեան կեղծմունքները կը սիրեն. երբ աշխարհիս պալատականաց, իշխանաց, ազնուականաց հաճոյական կեանքն խեղկատակութիւն է. սորա համար է իսկ, որ խեղկատակ աղուէս ու կապիկ միմոսները նոցա դռները կը յաճախեն։

Խօսիլ չեմ ուզեր ինչպէս խօսեցայ ու դրեցի վերը, որ հարսանեաց տօնը լուրջ եւ անձայն լռութեամբ կատարուի. ոչ. Եկեղեցին ներելով կը թոյլատրէ, որ հարսանեաց մանկունք երգեն ու պարեն, մինչ փեսան ընդ նոսա է, ինչպէս կը խոսի Յիսուս. միայն թէ քրիստոնէական պարկեշտութիւն, ընտանեկան պատիւ, եւ վայելուչ քաղաքավարութեան պարտիքները չմոռցուին, կարծելով թէ հարսանիքը՝ ծայրայեղ ազատութիւն եւ ուրախութիւն կը նշանակէ. որոյ վախճանը միշտ տրտմառիթ հետեւանքներն են։ Ցաւով ու փորձառութեամբ կը խօսիմ. որ հարսանեկան չափազանցութիւնք՝ ոչ միայն թագաւորին թագն ու պսակ քօղածածուկ հարսին պատկառանքը կը քամահրեն. այլ եւ Եկեղեցւոյ սուրբ խորհուրդի վեհութենէն չակնածելով՝ առանց երկիպածութեան կը վարին։ Բաւ չէ այս, շատ անգամ եւս պսակադիր սուրբ տաճարի գաւթին մէջ Բաղդասարի արբեցութեան խրախճան կը կազմուի. արբեցողաց բարձրաձայն աղաղակներով՝ պաշտօնէից աղօթքին եւ շարականին օրհներգութեան ձայները կը խանգարուին։

Այս ռամիկ եւ գռեհկական վարմունքը գրեթէ քիչ ժամանակ յառաջ առ հասարակ տիրած էր Հայոց այլեւայլ գաւառներու մէջէ բայց արդի ժամանակը բաւական չափաւորուած է, եւ այս զգաստութեան շնորհը՝ յայտ է որ դպրոց եւ ուսմունքը իրենց լուսով փոքր ի շատէ ծաւալեցին մեր Ժողովրդոց վերայ, եւ ժամանակին անձկութիւնը պարտաւորեց Հայոց աղքատ ընտանիքը իրենց յոռի ընթացքր ուղղել, եւ թողուլ նաեւ եօթնորեայ հարսանիքը, այն զեղխ ու շռայլ ծախքերը. որ միայն ուտելու եւ խմելու համար կը պատրաստուէին. հարսանեաց տունը իւր ամէն լիութենէն կը դատարկուէր։ Ո՛վ չի գիտեր թէ եօթնօրեայ հարսանեաց պատրաստութիւնը բաւական կը լինէր թերեւս մի ընտանիքը մինչեւ երկու տարի չափաւոր կեանքով պահել։ Ես չեմ յիշեր մեր գաւառացի ազգայնոց թէ քաղաքացի եւ