կազմելու համար։ Այդ ապրուստի կարօտ ընտանիքը այնպէս կերեւակայեն եւ կհրազեն միշտ թէ՝ կօշկակար, երկաթագործ, դերձակ եւ արհեստաւոր ժողովուրդներ կարող են աշխարհիս պալատականաց, հարուստ ազնուականաց հետը մրցիլ եւ նոյն պերճութեամբ ու կեանքով ապրիլ։
Մենք չենք մեղադրեր, գիտենք թէ մարդոց բաղձանքն ազատ եւ անզուսպ է. այլ ի՞նչ օգուտ ունի այդպիսի բաղձանաց ձգտումն. երբ մարդն բուն կեանքի հացէն եւ ամուսնութենէն կը զրկէ։ Ի՞նչ օգուտ ունին նմանապէս հարսանեաց պատրաստութեան այն մեծամեծ հոգերը, երբ ամուսնութենէն յետոյ ընտանեկան կեանքին վերայ բազում հոգերը կը յաւելնուն, հացի աշխատաւորներն մարմնով մաշուելէն յետոյ՝ չարաչար հոգածութեամբ եւս հոգի եւ կեանք կը մաշեն։ Եւ թէ հարցնես թէ ինչո՞ւ կը մաշիս, նա քեզ պատասխան կուտայ, թէ կին առի, ամուսնացայ, ծախուց հաշիւ ծանրացաւ, վասն զի ճոխ հարսանիք արարի, Ֆրանսիական սեղան յօրինեցի, թողլով Հայոց գինին, Պօրտոյի շիշերով շատ կենաց բաժակները պարպեցին հարսնեւորք, քսան տեսակ կերակուր եւ ուրիշ անուշեղէն համեմները պատրաստեցի եւ այլն։ Թող այս, որչափ գումար վատնեցի՝ ադամանդի ոսկեզարդուց եւ այլ կերպասեղէն զգեստուց համար։ Ամբողջ դրամագլուխս գրեթէ ոչնչացաւ, երջանիկ պիտի լինէի՝ թշուառացայ։
Խեղճ նոր ամուսնացող երիտասարդը անագան ուրեմն կը զղջայ կստրջանայ իւր ընդունայն ծախքերուն համար, երանի թէ նախատեսութեամբ գուշակէր այդ օրը, իւր հարսանիք եւ այլ ամուսնական ծախքերը, ու չտեսնէր այդ նեղ ու դառնաբեր ապագան. որ հարսանեաց ուրախութեան յաջորդող տխուր հոգածութեան կեանքն է։
Վերջ տանք հարսանեաց ճառին, եւ խրատ տանք ձեզ, Հայոց ընտանիք, նախատես ու սրատես եղիք. այդ չար ապագան հարսանիքէն ամուսնութենէն յառաջ գուշակեցէք. թողէք հարսանեաց զեղխութեան պէտքերը, թողէք զարդուց շռայլական պերճանքները, ճանչցէք պատուական եւ սուրբ ամուսնութեան ճշմարիտ պայմանները. որ ոչ հարսանեաց մեծամեծ պատրաստութիւնքն են, ոչ ոսկին է, ոչ ադամանդ է եւ ոչ եւս շքեղ զարդերու ցուցամոլութիւնք։ Դոքա իբրեւ փուշ կը հեղձանեն ամուսնացելոց ծաղկեալ սէրը: Մի հաւատաք նոցա, որք այն-