Jump to content

Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/236

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

պէս կը կարծեն թէ կնոջ արտաքին շքեղ զարդը՝ կը յաւելու սէրը եւ կը զօրացնէ, ո՜չ, այդպէս չէ. փորձ եւ աշխարհ վկայ թող Ժնին, որ զարդն ու պերճանքը սէրը կը նուաճեն. սորա համար է որ շատ անգամ շատ ընտանեաց կեանքէն ծաղիկ սէր կը ցամքի եւ կը թօշնի, երբ կնոջ զարդն ու պերճանք պակսին։

Ուստի աղօթել պէտք է այդպիսի ընտանեաց համար որ զգաստանան, ամուսնութեան ներքին ու ճշմարիտ սէրը՝ արտաքին պաճուճանաց հետ չի խառնեն, ստոյգ կշռելով եւ համեմատելով, որ զարդի պաճուճանքը ամուսնական անբիծ սիրոյն հետ երբեք կշիռ եւ նմանութիւն չունի։ Բիւր մեղադրանաց արժանի է այն կինը որ կը դրժէ եւ կը մերժէ զսէր, եւ զարդն առաւել կը խնդրէ։ Իսկ բիւր գովութեանց արժանի է այն կինը, որուն համար զարդ, պերճանք, ադամանդ, ամենայն ինչ իւր ամուսին եւ նորա սէրն է եւ պատիւը։

Ուստի յորդոր կարդամ հայրաբար բոլոր ամուսնացելոց որ ի բաց թողուն ընդունայն պերճանքներ, որ սեղանին հաց կը բառնան, փոխանակ լիութեան չքաւորութիւն կը տիրէ եւ այնուհետեւ կսկսի խռովութիւն, վասն զի սիրոյ կեանք ամրապինդ պահելու համար, միթէ մի գլխաւոր պայմանն եւս հացի կեանք չէ՞։


Թ.

ԿՈՉՈՒՄՆ ՀԱՐՍԻՆ

ԵԻ

ՓԵՍԱՅԻՆ

Այս կոչումն սուրբ եւ նուիրական է։ Արարչին տիրական օրէնքն է, Դրախտի օրհնութեան ձայնն է, երկու զուգակցաց միութեան հրաման եւ հրաւէրն է, որով զհարսն ի մայրութիւն կը կոչէ, փեսայն ի հայրութիւն: