Jump to content

Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/245

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

նին իբրեւ հեղինակ եւ դատաւոր այնպէս կը վճռէ ամուսնացելոց պարտք եւ իրաւունքը։

Ո՛չ. Պօղոս, որ միշտ Քրիստոսի հոգւով կը խօսէր, այս Վճռին դասը՝ հին դրախտի պատժական վճռէն կբուսանի եւ կաւանդէ եկեղեցւոյն։ Քանզի Տէր Աստուած երբ յանցապարտ նախակնոջ համար պատիժ տնօրինեց, որ ցաւով ու տրտմութեամբ ծնի իր զաւակները՝ յարեց նաեւ այս բանը, թէ «Առ այր դարձ քո լիցի եւ նա սիրեսցէ քեզ»։ Չգիտեմ մարդ կարո՞ղ է իմաստասիրել, եւ այս բացորոշ խօսքէն հանել սոյն հետեւութիւնը. այսինքն եթէ մեր նախամայր կին առաջին մեղապարտ չը լինէր անշուշտ իւր հաւասարազատութեան իրաւունքը պահելով՝ Ադամայ տիրապետութեան տակ չէր ստրկանար։

Բայց Յիսուս եւ Աւետարանը կնոջ կորուսեալ իրաւունքը դարձեալ իրեն տուին. որոյ համար կը յայտարարէ նոյն Պօղոս թէ՝ «Այսուհետեւ չիք խտիր, ոչ արուի եւ ոչ իգի. զի ամենեքեան դուք մի էք ի Քրիստոս Յիսուս»։ Որով ցոյց կուտայ թէ ամէն Քրիստոնեայ հաւատացելոց պարտք եւ իրաւունքը միեւնոյն է. հաւասար է Աւետարանի ազատ կրօնին առաջ։ Պօղոսին այս բանը որչափ որ կինը իւր հին ստրկութենէն կը հանէ. այլ չի ջնջեր նորա հնազանդութեան պարտքը, որ բնական եւ բարոյական է։

Իսկ Եւրոպիոյ քաղաքակրթութիւնը, որ դարձեալ Քրիստոնէութեան շնորհիւ յարդեց այս ազատութեան սկզբունքը՝ անդր քան զչափն բարձրացոյց կնոջ արժանաւորութիւնը, ճանչցաւ նորա պատիւն եւ իրաւունքը, այն ինչ արեւելեան ազդաց մէջ դեռ շատ մասամբ ստրկացած է խեղճ կնոջ վիճակը իւր ամէն իրաւունքներով։

Խօսինք այժմ. Առաքեալը երբ կնոջ համար հնազանդութիւն կը պատուիրէ, արդեօք այնպէ՞ս է. ինչպէս ժողովուրդը իշխանին, զինուոր՝ զօրապետին, ստրուկ ծառան՝ իւր տիրոջ։ Ո՜չ այդպէս չէ, կին ոչ հպատակ է, ոչ զինուոր է եւ ոչ ստրուկ ծառայ։ Կին իւր ամուսնոյն ազատ ընկեր ու հաւասար լծակիցն է ամենայն իրաւամբ։ Ուստի կին աղախին չէ. այլ տան տիկին եւ թագուհի. թէպէտ եւ այր մարդ թագաւոր լինի, իշխան լինի, տէր եւ գլուխ լինիք բնաւ իրաւունք չունի եւ կարող չէ այնպէս իշխել, ինչպէս կիշխեն աշխարհիս այլ եւ այլ տիրող գլուխները իշխանական գաւազանով, վասն զի ընտանեկան կեանքին ու