Jump to content

Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/246

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

վարչութեան մէջ իշխանական սուր ոստիկանութիւն եւ գաւազան չկայ. այլ միայն սէր, խնամք եւ միութիւն։ Եւ ինչպէս կարելի է, որ այր մարդ բռնակալ լինի կնոջ վերայ, չարաչար ճնշէ ու նուաճէ իր կեանքն եւ ընկերը. երբ տիրապէս ճանչնաք թէ կինը բարոյապէս իւր մարմին, իւր սիրտ եւ ոգին է. եւ ամուսնական կապակցութիւնը՝ մի թիւ է, երկու չէ. եւ միթէ հնա՞ր է, իրաւո՞ւնք է. որ մարդը ինքզինքը եւ իւր իսկ անձին ազատութիւնը իբրեւ օտարի՝ բռնակալէ, մինչեւ իսկ հարուածէ. չարչարէ եւ խեղդէ, կարծելով թէ իրաւունք ունի. որովհետեւ ինքն զօրաւոր եւ ուժաւոր է թէ բազկով թէ բանիւ եւ միանգամայն աշխարհիս ատեանը իւր ձեռքն է. եթէ կին իւր զրկանայք համար բողոքէ. ո՞վ է իւր իրաւունքը լսող եւ դատաստան տեսնող, դարձեալ ինքն դատաւոր ու վճռատուն։ Հոն չէ արդար Յիսուս, որ անտէր կնոջ դատը պաշտպանէ եւ յանդիմանէ փարիսեցւոց անիրաւութիւնը, որ կեղծաւորեցան իբրեւ օրինապահ, մեղաւոր կին մի նորա ատեան հանել ուր տեսող Դատաւորին առաջը՝ իրենք կնոջմէն աւելի յանցաւոր ու մեղաւոր էին։

Սուրբն Պօղոս այր եւ կնոջ դատաստանին մէջ անիրաւ դատաւոր չէ. երբ մի կողմէն կնոջ կը պատուիրէ որ նա հպատակ ու հնազանդ լինի, միւս կողմէն եւս որպէս եւ քրիստոս սիրեաց զեկեղեցի եւ ղանձն իւր մատնեաց վասն նորա։ Որով կուսուցանէ բարձրախօս Առաքեալը. այր մարդիկ Յիսուսի սիրոյն եւ անձնանուիրութեան հետեւելով՝ նորա չափ առաքինանան. ընտանեաց սիրոյն եւ ազատութեան համար մինչեւ ի մահ անձնանուէր լինին։

Առանց խորհուրդի չէ երբ անձնուիրութեան այս մեծ պարտիքր՝ այր մարդոյն բաժին կը հանէ Առաքեալը. թերեւս այսպէս կը դատի նա. որ աշխարհիս իշխանական իրաւունք, սուրբ կռուոյ ասպարէզը՝ այր մարդոց ձեռքն է, ուր փառաց մրցանակը՝ նոքա միայն կընդունին. պարտաւոր են ընտանեաց համար մեռնիլ ինչպէս կը մեռնին հայրենեաց համար, ու բարոյական հայրենիքն՝ ընտանիքն է։ Այրեր միայն չեն մեռնիր. կիներն ալ կը մեռնին, հաւատքի եւ կրօնի համար, միթէ չմեռա՞ն ու գերի չվարեցա՞ն Ե. դարու Հայոց առաքինի կանայք. որոց առաքինութեան հանդէս պատմագրելով կը հռչակէ Սուրբ Եղիշէ Հայրն, եւ Եկեղեցին շատ կին նահատակներն ունի:

Ուրեմն պէտք չէ բոլորովին տկար համարել զկին, կար-