Jump to content

Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/248

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

մոց փոխան, սիրտ՝ սրտին փոխան, հաւատարմութիւն՝ հաւատարմութեան փոխան։

Թող այս, կնոջ համար մի առանձին պատուէր եւս կայր որ է Առաքելոյն պատուիրած կատարեալ հնազանդութիւն դէպ ամուսին իւր։ Վասն զի երբ այր մարդուն իրաւունք չը տուինք որ նա բուռն գաւազանով իշխէ կնոջ վրայ, նոյնպէս իրաւունք չենք տար կնոջ, եւ ոչ մի օրէնք այդ իրաւունքը կարող են տալ, որ կինը անհնազանդ լինի։

Այո՛, կնոջ պարտիքն է կատարեալ հնազանդութիւն առանց բնաւ ստրկանալոյ. չէ թէ այն պատճառաւ որ նա ընտանեկան կեանքին մէջ անոյժ եւ անզէն թողուած է, այլ առաւել բնութեան եւ խղճի օրէնքը զայս կը պահանջեն ի կնոջէն։

Այս աշխարհիս վերայ ուժովներ կը տիրեն թէ բարոյապէս եւ թէ ֆիզիքապէս, եւ տկարները բնականաբար կը խոնարհին։ Նոյն կը տեսնամք նաեւ ընտանեկան կեանքին մէջ. յորում կինը ստիպուած է հպատակիլ եւ խոնարհիր Վասն զի ինքն չէ թէ ուժին կողմանէ միայն տկար է, եւ զինակիր բազուկ չունի հապա մտաւորական զօրութիւնն եւս անհաւասար է եւ Նոյն մասին մէջ եւս կերեւի յայտնի իւր տկարութիւնն։

Սորա համար այր մարդիկ կը դատեն զինքն իբրեւ կարճամիտ, անխորհուրդ եւ մանաւանդ անհոգ եւ անհեռատես։ Միայն բացառութիւն համարել պէտք է այն մեծ դիւցազնուհի կիները, որք թէ հին պատմութեան եւ թէ նոր քաղաքակրթեալ աշխարհին մէջ հանճարով ու քաջագործութեամբ փայլեր են եւ այսօր նոր ի նորոյ կը փայլին Եւրոպիոյ այլ եւ այլ ազգաց մէջ իբրեւ դաստիարակ, իբրեւ մատենագիր եւ իբրեւ ժրագլուխ եւ տնտեսող կին։

Ոչ ոք կը տարակուսի թէ կինն եւս այր մարդուն պէս բանաւոր ու մտաւոր է։ Եթէ մշակողի նորա միտքը՝ նա կարող է հաւասար յառաջդիմել. բայց նկատել արժան է, որ կինը իւր տկար ոտքով մինչեւ մի փոքրիկ բլուրի գլուխ հազիւ կարող է բարձրանալ, կին կարող չէ Նեւտոն եւ Հերշել լինել երկնից աստեղատունը դիտելու համար։ Գիտութիւնը տաժանելի աշխատութեան վաստակ է. արդէն երկանց վշտով չարչարեալ կինն յանձն կառնու այդ գիտութեան ցաւոց երկունքն եւս կըրել. եւ միթէ իրաւո՜ւնք է. որ մայր մոռնայ կաթն մանկան, սէր գգուանք զաւակաց եւ պարապի բարձրագոյն գիտութեան։