ծէլով՝ թէ նա մի հողակերտ եւ դիւրաբեկ անօթ է. երբեմն հրացեալ երկաթ կը դառնա, երբ Սուրբ Կրօնին, ամուսնոյն եւ զաւակաց սէր զինքն կը բոցավառէ ու կը մղէ առ ամենայն վտանգ։
Ամուսնական միութեան մէջ այր եւ կինը՝ մի մարմին է. այլ կինը գլուխ չէ. կը հաւանինք հոգեխօս Առաքելոյն, թէ կնոջ գլուխ այրն է. սակայն ով կարող է մտաբերել թէ ուրեմն կինը նորա ոտքն է, պատուանդան է եւ այլն։ Ո՛չ, կին այր մարդոյն նուաստագոյն մասն չէ. այլ նորա կողի բուն միջակէտն է. նորա սրտին հոգւոյն մօտ. յորմէ Արարչապետին իմաստութիւնը խորհրդով մի ոսկր առաւ եւ ամուսնական մարմինը լրացուց։ Եթէ համարիմք, դարձեալ այր մարդ իբր տէր ամուսնական կեանքին մէջ, միթէ իրաւո՞ւնք ունի խստութեամբ իշխել, տիրապետութեամբ վարիլ, կամ կարծել թէ կինը իւր ստացուածն է եւ կամ արծաթագին ծառայ։ Եթէ զօրութիւն ունի, բուռն են իւր բազուկները, նա միթէ իրաւո՞ւնք կը ստանայ ջարդել փշրել իւր կողին մի տկար ոսկրը, իւր կեանք բառնալ ու չիմանալ։ Եթէ կը համարի զինքն իբրեւ հանճարեղ, իմաստուն, խոհական, քաղաքագէտ, աշխարհավար եւ այլն, իւր պարտիքն է իբրեւ նախաթոռ բազմելով ընտանեկան գերդաստանին գլուխն՝ կինն եւս իւր խորհրդակից առնելով կառավարեն ի միասին ընտանեկան կեանքը։
Իսկ եթէ իրաւապէս կը ճանաչէ, որ կինը իւր կենակից ամուսին է, մինչեւ ցմահ դաշնակից ընկերն է. իւր աշխատութեան հաւասար լծակիցն է, բախտին ու ապերջանկութեան մէջ անբաժանելի կարեկիրն է, իւր մահուան ու շիրմին վերայ լացող ողբերգուն է, իւր թողուցած որբ զաւակներուն խնամատար մայրն է. իւր գերեզմանն օրհնող եւ յիշատակն անմահ պահող ջերմեռանդ այրին է. ուրեմն պէտք է գիտնայ, երբ ամուսնասէր կինը այս պարտիքները կատարէ, այլեւս ի՞նչ պարտք կը մնայ։
Երկու ամուսնացելոց փոխադարձական պարտիքները մինչեւ ի գերեզման տեւելով անդրեւս կանցնին։ Վերը պահանջեցինք այր մարդէն սէր և անձնուիրութիւնը. միանգամայն զեկուցինք, որ իւր ուժը եւ զօրութիւնը չը չափէ կնոջ տկարութեան հետը, պէտք է իրաւապէս պահանջենք, որ կինն եւս իւր չափով եւ ուժով անձնանուէր լինի ու հաւատարմապէս հատուցանէ իւր փոխադարձ պարտիքները։ Սէր՝ սիրոյն փոխան, խնամք՝ խնա-