Jump to content

Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/250

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

եւ թէ կին։ Որչափ հնար է, պիտի ջանան նոքա միացեալ կեանքը չի բաժանել, անբաժան կենակցութեամբ ապրիլ եւ միշտ իրարու պակասութեանց համար ներողաբար վարուելով՝ զիրարողոքել ու շահել թէ ամուսնական սիրոյն եւ թէ ընտանեկան օգտին ու բարւոյն համար։

Բաւ կը համարիմ այսքան, թէ առն եւ թէ կնոջ բարոյական պարտուց եւ իրաւանց մասին համար, այժմ կը դառնամ փոքր ի շատէ գրել նիւթական եւ տնտեսական մասին վերայ. յորում միեւնոյն փոխադարձ պարտիքներով պէտք է վարուին երկու ամուսինք հաւատարիմ աշխատութեամբ։

Երբ կը տեսնամ հողագործի արտի մէջ, որ մի զոյգ ամոլակից եզները լծուելով գետին կը հերկեն, երբ կը տեսնամ, որ միակտուր լծնփայտ՝ եզներու վզի վերալ հաւասար դրուած է. որպէս զի հաւասար քալեն եւ հաւասար ուժով հարօրը քաշելով վարեն արտն, ճիշդ այս բնական օրինակէն՝ բարոյական օրինակ հանելով, կարի՛ պատշաճ է ընտանեկան կեանքին մէջ թէ առն եւ թէ կնոջ աշխատութեան պայմանները որոշել ու չափել։

Ընտանեկան ագարակին մէջ երկու գլխաւոր աշխատաւորներ կան. որոնց համար լծակից բառին նշանակութիւնը շատ յարմար ու ճիշդ է. որ ցոյց կուտայ առն եւ կնոջ հաւասար կեանք եւ ընթացքը։

Այր մարդ արտաքին վաստակաւորն է. եւ այս է ի սկզբանէ անտի նորա աշխատութեան բաժին ու պարտիքը: Իսկ կին մարդը՝ տան տիկինն է. եւ նորա պարտիքն է արդար ու հաւատարիմ տնտեսութիւն։ Այր՝ հաց ու հանդերձ կը բերէ, կինը կը մատակարարէ. այր՝ շահավաճառութեան խանութ կերթայ, կին առ տնին գործոց մէջ կզբաղի, այր՝ զանազան դժուար արհեստներու մէջ մարմնով ու մտքով միանգամայն չարաչար կը խոնջի, իսկ կնոջ մեծ ու առանձին արհեստն է տան կառավարութիւն, իմաստուն տնտեսութիւն, եւ մայրական դաստիարակութիւն։

Եթէ իրաւապէս դատելով խօսինք, աշխարհիս ընդհանուր կեանքին մէջ այր մարդոց աշխատութեան բաժին շատ ընդարձակ, ծանր, դծուարին ու տաժանակիր է. մինչդեռ կնոջ բաժին անձուկ շէնքին տակը շրջափակուած՝ միայն առ տնին աշխատութիւնն է, թող այս, այր մարդ քաղաքականութեան մէջ