Jump to content

Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/251

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ամենամեծ ծանր հոգերով կզբաղի աշխարհ կը կառավարէ, զէնք կառնու, պատերազմի դաշտ կերթայ. արիւն կը թափէ, հայրենիքը կը պաշտպանէ եւ այլն։ Մերթ եւս կը ստիպուի գողութեան ոճիր գործել թէ ընտանեաց սիրոյն եւ թէ զաւակաց կարօտութեան համար՝ որով քաղաքային օրէնքը զինքն առանձին կը դատապարտէ բանտարկութեան պատիժ կրել, որ գողութեան հացն իւր ընտանեաց հետն ի միասին կերաւ։ Թողում, չեմ յիշեր այնչափ զարմանալի գիւտեր, մեծաջան արուեստները. որք միայն այր մարդոցն հանճարին եւ ձեռքին հրաշալիքներն են։

Արդ իբր եւ մի կողմ այսքան կը ծանրանայ այր մարդուն չարաչար աշխատութեան զբաղանքն եւ հաւասար պարտուց կշռոյն նժարը կը վայրահակի. որով ամուսնական ընկերութեան մէջ՝ կընկճ՝ զկին պարտուց բեռան տակը։ Բայց տեսնանք, միթէ ապիկար կնոջ վաստակն ու պարտիքները թեթե՞ւ են։

Մենք գիտենք, Մովսէս եւ հաւատքը կը պատմեն թէ վշտահար կինը՝ Դրախտի օրհնութեան հետը՝ մի անէծք եւս ժառանգեց. այսինքն ամուսնական սիրոյ քաղցրութեան հետը՝ ճաշակել նաեւ դառն երկունքը ցաւոց. որով նա դատապարտեալ է իւր ծննդաբերութեան մէջ ցաւ կրել ու զաւակ ընծայել աշխարհի ընկերութեան համար։

Չգիտեմ, ուղիղ դատաստանէն կը վրիպի՞մ եթէ ասեմ ու վճռեմ կնոջ համար։ Թէ իւր այս անփախուստ ցաւոց պարտիքը՝ այր մարդուն բովանդակ աշխատութեան դէմ հաւասար եւ շատ է։ Չեմ յիշեր նաեւ, որ մերթ եւս ցաւոց ու վշտաց մայր խեղճ կինը՝ իւր ծննդական բուռն ցաւոց մէջ կը մեռնի. կամ անմայր կը թողու իւր թշուառ տղեկն ի խանձարուրս կամ հետ իւր ի գերեզման կը տանի։

Ո՞ւր թողունք ապա կնոջ երկայնամիտ հոգատարութիւն իւր զաւակաց համար, որ ծնած օրէն սկսեալ մինչեւ պատանեկութեան հասակը, նա սրտով եւ կեանքով կը մաշի. այն ինչ հայրը տղուն լաց էն ձանձրոյթ կզգայ, կը զայրանայ եւ փոխանակ փայփայելու՝ օրօրոցի քովէն փախուստ կուտայ։

Այո՛, խոստովանիւ պէտք է, թէ ծնողական սրտին ու գորովոյն մէջ՝ կին կառաւելու քան զհայր միշտ պատրաստ լինելով՝ անտրտունջ կրել զաւակաց ցաւն ու կարիքը. մանաւանդ