որ իրենք միայն զաւակ ծնին, եւ դպրոցը դաստիարակէ։ Ուրեմն Յիսուսի խօսած Աւետարանական վճիռը երկբայելի է։ Զի նա կը խօսի հովիւներու համար թէ «Վարձկան է եւ չէ նմա փոյթ վասն ոչխարաց»: Եւ դուք կը հաւատա՞ք, ո՞վ հայրեր եւ մայրեր, եթէ ձեր ընտանեկան գաւթին մէջ ծնած այն մատաղ գառնուկներու համար ձեզմէ դուրս ու ձեզմէ աւելի հողատար սիրտ եւ ձեռք կայ աշխարհիս վերայ։ Ո՜չ բնաւ, կը ստրջանայք եւ կը խաբուիք դուք, եթէ այդպէս կարծէք, վասն զի եթէ ամէն հույր եւ ամէն մայր նոյն ծնողական գորովով՝ կարենային բնապէս սիրել ուրիշին ծնած զաւակը, աստի մի ուղիղ հետեւութիւն հանելով կըսեմք՝ թէ ուրեմն խորթ մայրը ծներ է։ Եւ եթէ տակաւին չէք համոզուիր, ապացոյց կը խնդրէք, ուշի ուշով նկատեցէք այն երկու մանկաբեր կիներուն բողոքն ու դատաստանը, որ առաջին անգամ Սողոմոնին ատեանը ելաւ, եւ այն իմաստուն վճիռը արձանագրեց Սուրբ Գիրքը, որոյ վերայ աշխարհիս դատաւորները կապշին։
Գիտցէք նաեւ ընտանեկան դաստիարակութեան մէջ կատարեալ կրթութիւնը՝ ծնողաց կենդանի կեանքն է, եւ ոչ թէ դպրոց. այդ գործնական կեանքը որչափ ուղղութեամբ վարիր ուղիղ շաւղով քալէ, այլեւս ո՞վ կը տարակուսի, որ զաւակները խոտորին ծնողաց ուղղագիծ շաւղէն։
Որչա՞փ զարմանալի է, եւ արժան է իսկ եթէ ապուշ համարինք այն ծնողքը. երբ իրենք կրթական կեանքին ուղղութենէն շեղելով միակողմանի կը քալեն. եւ կը պահանջեն, որ իրենց զաւակները ուղղութեամբ քալեն. որոց համար շատ յարմարագոյն է Խեչափառին առակը, որ խրատ կուտար իւր ձագուն ուղիղ քալել։ Ճարտար ձագը իսկոյն պատասխան կուտայ. «Հայր, ես կը տեսնամ քո միակողմանի քայլելը»։
Արդ, եթէ ճշմարիտ եւ գործնական կրթութիւնը՝ ընտանեկան կեանքի մէջ միայն ծնողաց անխոտոր շաւիղ եւ ուղղավար կեանքն է, ուրեմն կնքելով մեր ճառը, այս խրատն աւանդենք ամէն ծնողաց, որ նախ իրենց կեանքն ուղղեն եւ ապա իրաւունք ստանան իրենց զաւակները խրատելու։ Վասն զի իրենք երբ կրօնի պարտաւորութեանց մէջ գաղջ եւ մեղկ են, թող չը սպասեն որ Կիրակի առաւօտ զաւակները իրենցմէ կանուխ Եկեղեցի երթան, եթէ զեղխ ու շռայլ են, թող չը յուսան, որ նոքա սակաւապէտ եւ խնայիչ լինին, եթէ արբեցող եւ անառակ են,