Jump to content

Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/277

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

հուան համար այսպէս կը պատմէ Սուրբ Գիրք. թէ «Հասեալ ի բարւոք ծերութեան, ալեւորեալ լի աւուրք յաւելալ առ ժողովուրդս իւր»։ Նահապետները գրեթէ բոլորն եւս ծաղկեալ ծերութեամբ ու բնական մահով կը մեռնէին, եւ սորա պատճառն էր՝ նոցա անստգիւտ կեանք, ողջախոհ և անարատ վարք, պարզ ու սակաւապետ սեղան, հողագործ մշակութեան անխարդախ Վաստակ եւ այլն, եւ քան զամէնն աւելի Աստուծոյ օրհնութիւնը, որ բարգաւաճ կառնէր զիրենք։

Նահապետական կենաց մէջ ծերոց օրհնութիւն հայրական ու պապկենական պարտիք մի էր։ Այն ինչ դաշտային վրանին տակ նահապետին վերջին օրերը կը հասնէր, նա կը ցանկար վերջին ընթրիքը վայելել իւր զաւակաց ձեռքէն, եւ աւելի անդրանիկին, ինչպէս կը տեսնամք Իսահակ նահապետին վախճանը, որ կոչելով զԵսաւ, ասաց. «Որդեակ, ահաւասիկ ես ծերացած պիտի մեռնիմ, առ դու զքո նետաղեղն գնա ի յորս, փափուկ որսիկ մի բեր ինձ, խորտիկ շինէ, ուտեմ ու օրհնեմ զքեզ»։ Բայց, ինչպէս ծեր նահապետի ցանկութիւն էր որդիքները օրհնել, այսպէս եւս որդւոց համար կարի նախանձելի էր հօր օրհնութիւն կանխապէս ժառանգել, ուստի ճարտար Յակովբ իւր մօր խրատով փութաց ու յաջողեցաւ Իսահակայ օրհնութիւնը իբրեւ անդրանիկ ժառանգել որ կրտսեր էր։

Իսկ Յակովբ նահապետի օրհնութիւնր իւր որդւոց համար շատ նշանաւոր է, որ երկոտասան նահապետները կանչելով, անդրանիկէն սկսեալ մինչեւ կրտսեր որդին կօրհնէ. եւ այս օրհնութեան նիւթը իրենց կեանքէն կառնէ, եւ ըստ այնմ կը յարմարէ իւր խօսքերը, եւ միանգամայն իբրեւ մարգարէ նախապէս կը գուշակէ նոցա ապագայ կեանքն ու վախճանը։

Բարի նահապետ որ սուրբ ողջախոհութեան նախանձաւոր էր, չի մոռնար անդրանիկ Ռուբէնին ոճիրը. որ յանդդներ էր իւր հօր անկողին ելնել. ուստի թերեւս այս ակնարկութիւն կընէ նորա համար. «Իբրեւ զջուր մի եռասցիս». որով թերեւս այս ակնարկութիւն կընէ. թէ նկուն եւ անզօր լինիս իբրեւ սառուցեալ ջուր, կեանքիդ մէջ չեռաս ինչպէս նոր եւ զօրաւոր գինին ամանին մէջ։ Նոյնպէս չի մոռնար Շմաւոն եւ Ղեւի եղբարց ոխակալ վրէժխնդրութիւնն. որք իրենց քրոջ բռնաբարութեան համար խորամանկութեամբ սուր հանին Սիւքեմայ բնակիչները անխնայ կոտորեցին։ Ընդ որ մինչեւ ցօր Մահուան սրտմտելով