Jump to content

Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/276

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ծնողասիրութեան գութը պարտաւոր կը կացուցանեն զձեզ։ Յիշեցէք Յիսուսին բանը, «Ինչ չափով, որ չափէք զձեր ծնողս, դուք եւս Նոյն չափով պիտի չափուիք. եւ ինչ որ ցանէ մարդ, Նոյն կը հնձէ»: Սողոմոնի առակը կը խրատէ զձեզ, որ դուք ձեր հօր եւ մօր օրհնութիւնը միանգամայն ժառանգէք։ Բաւ չէ որ միայն հայրն օրհնէ, այլ նա եւ մայրն օրհնէ, վասն զի եթէ մայրն անիծէ, տան հիմերը կը խախտուին։

Ժառանգեցէք ուրեմն երկու բերանոց օրհնութիւնք, որպէս զի ձեր կեանքը եւ վախճանը միշտ բարի ու բարգաւաճ լինի։


ԺԴ.

ՄԱՀ ԾՆՈՂԱՑ

ԵՒ

ՕՐՀՆՈԻԹԻՒՆ

Նոքա, կը ծնին յաշխարհ, նոքա մեռնելով կերթան աշխարհէս հայրեր ու մայրեր կէրթան. զաւակները՝ նոցա տեղը կը փոխանակեն: Բնական կարգն եւ օրէնքն է այս. թէեւ շատ անգամ մահուան տապարը անխտիր կը հատանէ մատաղատունկները եւ հաստաբուն կաղնիները կը թողու։

Ո՛վ են այդ հինաւուրց կաղնիքը. որք կը բարձրանան ընկերական ծառաստանին մէջ եւ իրենց համասփիւռ հովանիքը կը տարածեն իրենց շառաւիղներուն վերայ. նոքա հայրեր ու մայրերն են, որոց երբ կը մօտենայ մահ իւր տապարով, զայն կը տեսնայ ծերունի նահապետ. երբեք չի սոսկար մահուան դաժան երեսէն, այլ գօտեպնդեալ կը պատրաստուի իւր հայրական օրհնութիւն տալ ընտանեաց, եւ ապա վերջին շունչը պարզել:

Ինչպէս կը տեսնամք Ծննդոց գրքին մէջ քանի մի նահապետաց դասին. Աբրահամ աստուածապաշտ նահապետին մա-